Համանախագահները Կոչ Կ՛ընեն Կողմերուն Ձեռնպահ Մնալու Գրգռիչ Յայտարարութիւններէ

By Asbarez | Monday, 13 June 2011

ԵՐԵՒԱՆ.- ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն կոչ ուղղած են ձեռնպահ մնալու գրգռիչ գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք «այս վճռորոշ պահուն» կրնան վնասել բանակցային գործընթացը:

Համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէի, Ռապըրթ Պրատթքիի եւ Իկոր Փոփովի կողմէ ստորագրուած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, որ Յունիս 6-9ը տարածաշրջան կատարած իրենց այցելութեան ընթացքին, հանդիպումներ ունեցած են Ատրպէյճանի, Հայաստանի նախագահներուն եւ «Լեռնային Ղարաբաղի դէ-ֆակտոօ ղեկավարների հետ», եւ քննարկած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմ հանդիպումին ի նախապատրաստութիւն՝ կողմերու առնելիք քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու շուրջ աշխատանքը աւարտին հասցնելու եւ անոնց վերաբերեալ իրենց աջակցութիւնը յայտնելու համար:

Համանախագահները նշած են, որ Յունիս 7ին, իրենք վերջին տասը ամիսներու ընթացքին երրորդ անգամն ըլլալով  ատրպեճանական կողմէն Աղդամի շրջան մտան, այդպիսով իսկ ապացուցելով, որ «կողմերը կրնան համագործակցիլ եւ լիարժէքօրէն իրագործել 1994 թուականի հրադադարի պայմանները»:

Նշենք, որ ԵԱՀԿի Մինսկի համանախագահները, ԵԱՀԿի գործող նախագահի ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ միասին, երէկ, Հինգշաբթի, 9 Յունիսին, Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

Նալբանդեան համանախագահներուն հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծած է, որ Հայաստան յստակ պատասխան տուած է Մինսկի խումբի կողմէ ներկայացուած հիմնարար սկզբունքներու վերջին տարբերակին, եւ որ եթէ Ատրպէյճանը պատրաստ ըլլայ տալու իր միանշանակ համաձայնութիւնը, ապա հնարաւոր պիտի ըլլայ կարգաւորման գործընթացին մէջ արձանագրել ակնկալուող յառաջընթացը:

Նալբանդեան նշած է, թէ  «Արդեօ՞ք Ատրպէյճանի պաշտօնեաների՝ անգամ Տովիլից յետոյ բանակցային գործընթացի էութիւնը աղաւաղող կամ յօրինուած մանրամասներ ներկայացնող յայտարարութիւնները՝ խաղաղապահ ուժերի կամ այլ հարցերի մասին, վկայում են առաջարկութիւններին՝ առանց փոփոխութիւնների եւ լրացումների համաձայնութիւն տալու Պաքուի պատրաստակամութեան մասին, ինչի վերաբերեալ կոչ էին արել համանախագահները»:

comments