By Թերթ | Monday, 13 June 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Հաւանականութիւններով խօսելը ճիշդ չէ, մենք երկու տարբերակ արձանագրեցինք, որ կարող է լինել ինչ-որ համաձայնութիւն, բայց կարող է լինել նաեւ փակուղային իրավիճակ», Ուրբաթ, 10 Յունիսին, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան՝ ի պատասխան այն հարցին, թէ ի՞նչ ակնկալիքներ ունի Ղարաբաղը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու՝ Քազանի մէջ կայանալիք հանդիպումէն: Աշոտ Ղուլեան ընդգծեց, որ փակուղիի պարագային, քննարկումները պիտի շարունակուին եւ յատկապէս աշնան կը սպասուի քննարկումներու նոր փուլ:
ԼՂՀ ԱԺ պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ է երկու երկիրներու Ազգային ժողովներու համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի նիստին մասնակցելու նպատակով, ուր, ինչպէս նշեց Ղուլեան, քննարկուած է ԼՂ խնդիրը ներկայացնելու խորհրդարանական դիւանագիտութեան հնարաւորութիւնները օգտագործելու հարցը:
ԼՂՀ ԱԺ նախագահը նշեց, որ այժմ ԼՂ բանակցային գործընթացը կրկին աշխուժացած է, որուն պատճառը համանախագահող երկիրներու նախագահներու Տովիլեան յայտարարութիւնն է:
«Այդ ակտիւութիւնը նորութիւն չէ, մենք նախկինում էլ ենք ունեցել բանակցային գործընթացում որոշակի ակտիւ փուլեր, որը կարծես թէ շատ մօտ է եղել հանգուցալուծման: Այս անգամ էլ կարծես ամէն ինչ կրկնւում է նոյն փուլով: Բնականաբար, այստեղ խորքում կայ համանախագահող երկրների նախագահների յայտարարութիւնը, որը կարծես աւելի է կոնկրետացնում անելիքները, բայց ընդհանուր տպաւորութեամբ ուզում եմ ասել, որ գոնէ մեզ համար ԼՂՀ ԱԺի կողմից սպասելիքները այդքան էլ լաւատեսական չեն», յայտարարեց Աշոտ Ղուլեան: Ան պարզաբանեց, որ իրենք լաւատեսական սպասումներ չունին նաեւ այն պատճառով, որ նոյնիսկ յիշեալ յայտարարութենէն ետք Ատրպէյճանի կողմէ կը դրսեւորուի բանակցային գործընթացը նենգափոխելու, հակամարտութնան մէջ նոր տարրեր մտցնելու մօտեցումը, եւ կը շարունակուին ռազմատենչ յայտարարութիւնները:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը նաեւ անդրադարձաւ այն հարցին, թէ որքան ընդունելի է բանակցային սեղանին դրուած փաստաթուղթը: «Մենք վերապահումներ ունենք Մատրիտեան սկզբունքների հետ կապուած, բայց քանի որ այդ փաստաթուղթը եւ դրա մասնիկները յաճախ փոփոխւում են, այսօր շատ դժուար է ասել՝ ինչ իրավիճակում են դրանք եւ որքանով են դրանք ընդունելի: Բնականաբար, մեր դիրքորոշումը չի փոխուել, մենք մեր վերապահումները պահպանում ենք, բայց նաեւ հասկանում ենք, որ այսօր բանակցային սեղանին դրուած փաստաթուղթը, որը կողմերի համար հետաքրքրութիւն ունի, հէնց դա է», յայտարարեց Ղուլեան:
Ինչ կը վերաբերի սահմանին խաղաղապահ ուժերու տեղակայման հաւանականութեան, ան նշեց, որ այժմ ատոր մասին խօսիլը քիչ մը վաղաժամ է, որովհետեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղարար ուժերու տեղակայման համար հարկաւոր է բոլոր կողմերու համաձայնութիւնը: «Իսկ գոնէ այս փուլում դրա հիմքերը չկան», ըսաւ ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ