Ճափոն Դեսպանատուն Պիտի Բանայ Հայաստանի Մէջ

By Asbarez | Thursday, 16 January 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Թոքիոյի մէջ Հայաստանի եւ Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ 15 Յունուարին տեղի ունեցած է քաղաքական խորհրդակցութիւն մը: Հայկական կողմը կը ներկայացնէր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերգէյ Մանասարեանը, ճափոնականը՝ Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ, Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի հարցերու բիւրոյի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ, դեսպան Նորիօ Մարույաման:

Կողմերը քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ ընդգրկուած շարք մը հարցեր, մասնաւորապէս՝ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ առաջընթաց արձանագրելու համար անհրաժեշտ նախադրեալներու ստեղծումը, միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ փոխգործակցութիւնը, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնումը, մշակութային եւ կրթական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան խորացումը:

Երկուստեք կարեւոր նկատած են Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպանութիւն հաստատելու ճափոնական կառավարութեան որոշումը, որ Ճափոնի խորհրդարանին կողմէ հաստատուած է նախորդ տարուան 24 Դեկտեմբերին:

Որպէս քաղաքական երկխօսութեան նպաստող գործօն՝ լուսարձակի տակ առնուած է նաեւ յառաջիկային ուժի մէջ մտնող համաձայնագիրը «Դիւանագիտական անձնագրերով առանց մուտքի արտօնագրի միմեանց տարածքներ այցելելու մասին»:

comments