By Asbarez | Tuesday, 21 January 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 Յունուարին ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լըֆորը, որ Հայաստան եկած էր հրաժեշտի այցելութեամբ։
Նախագահի մամլոյ գրասենեակէն յայտնած են, թէ Սարգսեան ողջունած է այդ պաշտօնով Հայաստան վերջին այցելութիւն տուող Ֆ. Լըֆորը՝ ընդգծելով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչի կարեւոր պաշտօնը կը վկայէ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան նկատմամբ ԵՄ հետաքրքրուածութեան մասին:
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Լըֆորնին՝ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման իմաստով ունեցած ներդրման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու խաղաղութեան նպաստելուն ուղղուած ջանքերուն համար՝ յաջողութիւն մաղթելով հետագայ աշխատանքներուն:
Անդրադառնալով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շրջագիծին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին՝ Սերժ Սարգսեան խոր մտահոգութիւն յայտնած է վերջին օրերուն ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանագիծին մէջ ատրպէյճանական կողմէն շարունակական սադրանքներուն ու զինադադարի խախտման պարագաներուն գծով՝ շեշտելով, որ ասոնք լուրջ խոչընդոտ կը հանդիսանան բանակցային գործընթացի հետագայ յառաջընթացին։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ