By Ազատութիւն | Monday, 27 June 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հինգշաբթի, Յունիս 23ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռաձայնային զրոյց ոaւնեցած է ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ:
ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ տեղադրուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ ԱՄՆ նախագահը շեշտած է Քազանի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպումի կարեւորութիւնը: Օպաման շնորհակալութիւն յայտնած ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Սերժ Սարգսեանի առաջնորդութեան համար եւ Դովիլի յայտարարութեան ոգիէն մեկնելով կարեւոր նկատած է Քազանի մէջ առաջընթաց արձանագրելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Պարաք Օպամային՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին հետեւողական աջակցութեան համար: Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդները միշտ ձգտած են հակամարտութեան խաղաղ ու արդար կարգաւորման, եւ եթէ Քազանի մէջ ատրպեճանական կողմը ցուցաբերէ կառուցողական մօտեցում, ապա կարելի կը դառնայ ակնկալել դրական արդիւնքներ:
Հայաստանի եւ ԱՄՆի նախագահները իրենց զրոյցի մէջ քննարկած են նաեւ երկկողմ համագործակցութեան հարցեր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ