ՀՅԴ Ներկայացուցիչը <<Անընդունելի>> Կը Համարէ Արձանագրութիւնները

By Asbarez | Wednesday, 02 September 2009

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.- ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, <<Ազատութիւն>> ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, <<անընդունելի>> որակած է նախաստորագրուած երկու արձանագրութիւնները՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման մասին:

<<Քօղարկուած պայմանները՝ Թուրքիոյ կողմից արծարծուած մինչեւ հիմա, առկայ են փաստաթղթում>>, յայտնած է Մարգարեան՝ աւելցնելով, որ <<Ցաւում եմ, թէ մեր նախագահը գնում է մի փաստաթղթի ստորագրման, որի իրաւունքը չունի: Ոչ մի իշխանութիւն իրաւունք չունի Ցեղասպանութեան հարցը սակարկութեան նիւթ դարձնի, սերունդների հաշուին յայտարարութիւններ անի>>:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութեամբ կը նախատեսուի պատմական հարցերով ենթայանձնաժողովի գործունէութիւն՝ հայ, թուրք եւ զուիցերիացի փորձագէտներու մասնակցութեամբ: Այս կապակցութեամբ Հրանդ Մարգարեան յայտնած է, որ <<Կարելի է դա տարբեր ձեւով մեկնաբանել, բայց ես շատ լաւ եմ յիշում Օբամայի մէկ յայտարարութիւնը հէնց Թուրքիոյ մէջ Ապրիլին. ասում էր, թէ՝ <<Իմ կարծիքը չի փոխուել Ցեղասպանութեան հարցում, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ երկու երկրները հիմա դիւանագիտական յարաբերութիւններ են ձեռնարկում, որտեղ նաեւ կը քննարկուի այս հարցը>>: Այն ժամանակ մեզ համար շատ շփոթ էր դա, այսօր պարզ է, որ խօսքը ինչի մասին է>>:

Սերժ Սարգսեան <<Պի.Պի.Սի.>>ին տուած հարցազրոյցին մէջ (տրուած երէկուան թիւով) հայ-թրքական յարաբերութիւններու առնչութեամբ յայտարարած էր, թէ ինք չի տեսներ թրքական կողմէ պայմանաւորուածութիւններու կատարման մեծ ցանկութիւն կամ ձգտում: Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել, որ դեռ նոր կատարուած այդ գնահատումին կը յաջորդէ այսպիսի փաստաթուղթերու հրապարակում: Մարգարեան պատասխանած է՝ յայտնելով, որ <<Երբ տեսան տրամադրութիւն, որ Հայաստանը կարող է յետ քաշուել այս գործընթացից, նորից մի խայծ իջեցրեցին՝ աւելի խորացնելու Հայաստանի մուտքը այս գործընթացի մէջ, որից միայն շահողը Թուրքիան է, ոչ թէ Հայաստանը>>:

Մարգարեան համոզուած է, որ <<Հայաստան աւելի խորքային առումով ներքաշւում է մեծ խաղի մէջ>>, եւ թէ՝ <<ոչ մի երաշխիք էլ չկայ, որ երկու ամիս յետոյ այդ ստորագրուած պայմանագիրը կը հաստատի Թուրքիոյ խորհրդարանը>>:

<<Այդ պետութիւնից ակնկալել, որ Ատրպէյճանի շահերը ստորադասի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններին, կարծում եմ, մի քիչ միամտութիւն է>>, ըսած է Հրանդ Մարգարեան եւ աւելցուցած, թէ կրնայ նաեւ գոյութիւն ունենալ գաղտնի <<մէկ այլ պայմանաւորուածութիւն, թէ այդ երկու ամիսների ընթացքում կամ վեց ամսուան ընթացքում պէտք է նաեւ լուծում ստանայ Ղարաբաղի հարցը՝ չակերտաւոր լուծում: Այսինքն, Թուրքիոյ երեք նախապայմաններն էլ ընդունուած են. երկուսը՝ քօղարկուած տեքստի (բնագիրի-Խմբ.) մէջ, մէկը՝ տեքստից դուրս պայմանաւորուածութիւն>>:

Մարգարեան տարակուսանք յայտնած է արձանագրութեան այն ձեւակերպման կապակցութեամբ, թէ՝ պիտի վերահաստատուի երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ընդհանուր սահմանի փոխադարձ ճանաչումը:

<<Անհրաժեշտ չէր այդ յարաբերութիւնները ստեղծելու համար մենք պարտաւորուէինք Թուրքիոյ սահմանները ճանաչել: Որովհետեւ ՄԱԿի յայտարարագիրը ստորագրելով՝ մենք արդէն ճանաչել ենք բոլոր երկրների սահմանները, հողային ամբողջականութիւնը: Եւ կան շատ երկրներ, որոնք դիւանագիտական յարաբերութիւններ են ստեղծել, առանց աւելորդ անգամ միմեանց հողային ամբողջականութիւնը, սահմանները ճանաչելու: Այդ յաւելեալ գինը ինչի՞ համար ենք վճարել, ի՞նչ ստանալու համար ենք վճարել... պարզ չէ>>, յայտնած է ՀՅԴի ներկայացուցիչը:

Մարգարեան յայտնած է նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը մշակած է յառաջիկայի ընելիքները:

<<Վիրաւորական է, մեր շահերին դէմ երեւոյթ է, եւ մենք առաջիկայ երկու ամսուան ընթացքում ամէն ինչ անելու ենք հասարակութեանը տեղեակ պահելու պայմանագրի բուն էութիւնից, քօղարկուած հարցերից>>, հաստատած է Մարգարեան:

comments