Թուրքիա Կը Խոստանայ Ատրպէյճանի Շահերը Նկատի Ունենալ

By Asbarez | Wednesday, 02 September 2009

ԱՆԳԱՐԱ, <<Էյ.Փի.>>, <<Մարմարա>>.- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տավութօղլու, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով առնուած վերջին քայլերուն մասին <<Էն.Թի.Վի.>> կայանի հարցումներուն պատասխանելով՝ բացատրեց, թէ Թուրքիա այլեւս տարածաշրջանին մէջ օրակարգ ճշդող երկրի դիրք ունի, եւ այս մտայնութեամբ կը վարուի դրացի բոլոր երկիրներուն հետ:

Արտաքին գործոց նախարարը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի հետ փակուած սահմանը պայթուցիկ ռումբ է եւ Թուրքիա ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի զերօ խնդիր ունենայ Հայաստանի հետ։ Ան միաժամանակ շեշտեց, թէ Երկուշաբթի օրուան յայտարարութիւնները <<երկար գործընթացի մը սկիզբն են>>, եւ յիշեցուց, թէ վեց շաբաթ ետք գոյանալիք արձանագրութիւնները պիտի ստորագրուին ու ապա երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ պէտք է վաւերացուին. միայն անկէ ետք է, որ սահմանները պիտի բացուին, երկու երկիրները փոխադարձաբար պիտի ճանչնան իրարու սահմանները եւ պիտի սկսին մշակելու դիւանագիտական յարաբերութիւններ։

Ակնարկելով Տաւութօղլուի այն խօսքին, թէ՝ գործընթացը երկար կրնայ տեւել, <<Էյ.Փի.>> լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, թէ նախարարը հաւանաբար կ՛ակնարկէր Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին, որ այս հանգրուանին օրակարգէն դուրս կը մնայ:

Նախարարը նաեւ պնդեց, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացին մէջ Անգարա միշտ նկատի պիտի ունենայ Ատրպէյճանի շահերը՝ միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շինիչ քայլեր առնելով՝ յառաջդիմութիւն կրնան ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծում մը գտնելու աշխատանքներուն ուղղութեամբ:

Տավութօղլու նաեւ ըսաւ, որ այս արձանագրութիւնները որեւէ կապ չունին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ քանի մը օր առաջ կատարուած յայտարարութիւններուն հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի նախագահը <<Պի.Պի.Սի.>>ի հետ կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած էր, թէ ինք Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի դարձի մրցումը դիտելու համար Թուրքիա պիտի այցելէր միայն այն ատեն, երբ սահմանները բաց ըլլային եւ կամ երկու երկիրները գտնուէին սահմանները բանալու սեմին։ Տավութօղլու նշեց, որ Զուիցերիոյ աջակցութեամբ բանակցութիւնները միշտ շարունակուած էին։

Տավութօղլու նաեւ կոչ ըրաւ Հայաստանի իշխանութեանց, որ նպաստեն <<զերօ խնդիր>> գործընթացին։ Այս կերպով Տավութօղլու ակնարկեց այն կէտին, թէ՝ Ղարաբաղի հարցը դարձեալ գլխաւոր նախապայմաններէն մէկը պիտի ըլլայ յառաջիկայ բանակցութիւններու գործընթացին մէջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ միջնորդի դեր ստանձնած Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Նատին Օլիվիէրի <> կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը կարեւոր նկատեց։ Օլիվիէրի ըսաւ, որ Երկուշաբթի օրուան հրապարակումը ընթացող բանակցային գործընթացին մէջ շատ կարեւոր քայլ էր։
Օլիվիէրի հաղորդեց, որ արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութիւնը կրնայ տեղի ունենալ Զուիցերոյ մէջ։

Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ելխան Փոլուխով <<Ա.Էֆ.Փէ.>> լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Պաքու ինքնավստահ է, թէ Անգարա առանց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ համաձայնութեան՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալու գծով համաձայնութիւն պիտի չգոյացնէ։

<<Ատրպէյճանի կեցուածքը հիմնուած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման հարցով Թուրքիոյ մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու բազմաթիւ յայտարարութիւններուն վրայ։ Առանց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, սահմանի բացումը պիտի հակասէ Ատրպէյճանի շահերուն>>։

comments

Advertisement