Արցախի Մէջ Արաքսաւան Անունով Նոր Գիւղ Մը Հիմնուած է

By Asbarez | Friday, 31 January 2014

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 28 Յունուարի իր նիստին համաձայն գտնուած է «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչատարածքային բաժանման մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու վերաբերող նախագիծին: Այս մասին կը հաղորդէ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան կայքը:

Այդ օրէնքի փոփոխութեան համաձայն՝ կ՛առաջարկուի Հադրութի շրջանի Առաջամուղ համայնքի վարչական տարածքին մէջ յառաջացնել նոր գիւղ՝ Արաքսաւան անունով: Այդ բնակավայրին մէջ պիտի ապրի 8 ընտանիք՝ ընդգրկելով 29 բնակիչ:

Արցախի կառավարութեան յանձնարարութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի անշարժ գոյքի կալուածոց պետական կոմիտէին կողմէ աշխատանքներ կը կատարուին՝ բնակավայրի նախնական սահմանները ճշդելու ուղղութեամբ, որ նոյնպէս իբրեւ օրէնսդրական համապատասխան նախագիծ պիտի ներկայացուի քննարկման:

comments