Արոնեան Յաղթեց Աշխարհի Ախոյեան Քարլսընին

By Asbarez | Tuesday, 04 February 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ճատրակի Հայաստանի տղամարդոց հաւաքականի առաջատար Լեւոն Արոնեան Ցիւրիխի արագ ճատրակի մրցաշարքին յաղթեց աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարլսընին: Ցիւրիխի ուժեղագոյն մրցաշարքի վերջին օրը մասնակիցները ուժերը չափեցին արագ ճատրակով:

Արոնեան առաջին խաղին յաղթեց Վիշի Անանտին: Մակնուս Քարլսըն առաւելութեան հասաւ Պորիս Կելֆանտի նկատմամբ: Իր վերջին խաղը աւարտեց Ֆապիանու Քարուանա-Հիքարու Նաքամուրա զոյգը: Երկրորդ հանգրուանին Արոնեան բացայայտ առաւելութեամբ յաղթեց Մակնուս Քարլսընին:

Անանտը պարտուեցաւ Նաքամուրայէն, իսկ Կելֆանտ-Քարուանա զոյգը կիսեց միաւորը:

comments