By Asbarez | Tuesday, 05 July 2011
ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստանի նախագահը Սթրազպուրկում յայտարարել էր, որ կարելի է էական արդիւնքներ եւ առաջընթաց ակնկալել, եթէ Ատրպէյճանը փոփոխութիւններ չառաջարկի: Սակայն Կազանի հանդիպումը բեկումնային չեղաւ, քանի որ Ատրպէյճանը պատրաստ չեղաւ ընդունել վերջնական տարբերակը, որը առաջարկուել էր եռանախագահների կողմից. խօսքը հիմնարար սկզբունքների մասին է», նման յայտարարութիւն ըրաւ Հայաստանի արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Յունիս 25ին, մեկնաբանելով Քազանի մէջ Ռուսիոյ նախագահին միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման արդիւնքները:
Ըստ Նալբանդեանի, Քազանի մէջ Ատրպէյճանը շուրջ մէկ տասնեակ փոփոխութիւններ առաջարկած է, եւ այդ է պատճառը, որ ԼՂ խնդիրի կարգաւորման գործին մէջ բեկում չէ պատահած. «Բոլոր դէպքերում, հանդիպումը օգտակար էր այն իմաստով, որ շարունակուեցին մանրամասն քննարկումները», նշեց Հայաստանի ԱԳ նախարարը, աւելցնելով, որ կարեւոր է նաեւ այն, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու ջանքերը, որպէսզի վերջնական համաձայնութիւն ձեւաւորուի սկզբունքներուն շուրջ:
«Վերջին երեք տարիների ընթացքում, սա տասներկուերորդ հանդիպումն էր, բայց վերջին մէկ տարում այս սցենարը, երբ Ատրպէյճանը հանդէս է գալիս նոր փոփոխութիւններով, արդէն չորրորդ անգամն է կրկնւում», ըսաւ Նալբանդեան եւ աւելցուց, որ հայկական կողմը պիտի շարունակէ բանակցութիւնները, քանի որ միայն անոնց միջոցով կարելի է հասնիլ խնդիրի լուծման:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ