By Նովոսթի-Արմէնիա | Tuesday, 05 July 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Հայաստանի արտաքին գործոց (ԱԳ) փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, «Կենտրոն» պատկերասփիւռի ընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, թէ «մինչեւ Ղարաբաղի կարգավիճակի հետ կապուած գլխաւոր հարցում յստակութիւն չլինի, որեւէ այլ բանի մասին խօսելն աւելորդ է», յիշեցնելով, որ այս մասին բազմիցս յայտարարած է նաեւ Հայաստանի նախագահը:
ԱԳՆ ղեկավարին տեղակալը միեւնոյն ժամանակ նշած է, թէ հայ հասարակութիւնը այսօր չի հանդուրժեր տարածքներու վերադարձին մասին որեւէ խօսակցութիւն՝ ընդգծելով, որ նման դիրքորոշում պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի հռետորութեամբ եւ վարքով:
«Մենք ասել ենք, որ (հակամարտութեան կարգաւորման) Մադրիդեան փաստաթուղթն ընդունելի է որպէս բանակցութիւնների հիմք: Այն իր մէջ ներառում է տարբեր դրոյթներ, բայց կայ ակնյայտ սկզբունք, որի մասին խօսել են նաեւ համանախագահները, եւ դրա համաձայն՝ մինչդեռ ոչինչ համաձայնեցուած չէ, համաձայնեցուած չէ ոչին»չ, շեշտած է Քոչարեան: Հետեւաբար, ԱԳ փոխնախարարին խօսքով, տարածքներու մասին ատրպեճանական կամ թրքական իւրաքանչիւր պնդում՝ հեռու է իրականութենէն եւ սովորական քարոզչութիւն է: «Եթէ խօսքը գնում է տարածքների մասին, ապա կարելի է յիշեցնել Ատրպէյճանի բռնազաւթած ԼՂՀ Շահումեանի շրջանը եւ Մարտակերտի ու Մարտունու շրջանների մի մասը», ըսած է Քոչարեան:
Նշենք, որ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը սկսած է 1988ին, երբ գերազանցապէս հայերով բնակեցուած Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց Ատրպէյճանի կազմէն դուրս գալու մասին: 1991ի Դեկտեմբեր 10ին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացաւ հանրաքուէ մը, որուն մասնակիցներուն 99.89 տոկոսը քուէարկեց Ատրպէյճանէն ամբողջութեամբ անկախանալու օգտին: Ասոր հետեւեցան Ատրպէյճանի ձեռնարկած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները, որոնց հետեւանքով, անոնք կորսնցուցին վերահսկողութիւնը ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի, այլեւ յարակից եօթը շրջաններու վրայ:
1994ի Մայիս 12ին, զինադադարի վերաբերեալ եռակողմ համաձայնագիրի մը կնքումէն ետք, հակամարտութեան գօտիին վրայ դադրեցան ռազմական գործողութիւնները, որոնց հետեւանքով երկու կողմերն ալ տուաւ շուրջ 25-30 հազար զոհ, իսկ շուրջ մէկ միլիոն մարդ ստիպուած լքեց բնօրրանը:
Հրադադարի համաձայնագիրը մինչեւ այսօր ուժի մէջ է: 1992էն ի վեր հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ բանակցութիւններ կը տարուին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս, որուն համանախագահներն են Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ Ֆրանսան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ