By Թերթ | Tuesday, 05 July 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ուքրանական լրատուական գործակալութեան տեղեկութիւններով, Յուլիս 1ին Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ կայացած ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, թէ 2013ին, երբ Ուքրանիան պիտի նախագահէ ԵԱՀԿին, անիկա առաւելագոյն ջանքերը պիտի գործադրէ ԼՂ հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար:
«Մենք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամ չենք, սակայն գործնական, բարեկամական, առեւտրատնտեսականA հիանալի յարաբերութիւններ ունինք թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի հետ, եւ մեր՝ ուքրանացի ժողովուրդի շահերէն կը բխի, որ այդ հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորուի», ըսած է Եանուքովիչ:
Սերժ Սարգսեան, իր կարգին ըսած է, որ Յունիս 24ին, Քազանի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ, ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով բեկում կրնար ըլլալ, սակայն՝ չեղաւ:
«Ատրպէյճանը, ցաւօք սրտի, իրեն պահեց այնպէս, ինչպէս վերջին մէկուկէս տարուայ ընթացքում, եւ արդէն առկայ փաստաթուղթը փոփոխելու տասը առաջարկ ներկայացրեց… Ես կարծում եմ, որ առնուազն մէկ հնարաւորութիւն բաց է թողնուել: Դա չի նշանակում, թէ վերջ է դրւում բանակցային գործընթացին, դա չի նշանակում, թէ մենք չենք շարունակելու բանակցութիւնները: Դա նշանակում է, որ մենք, ամէն դէպքում, մինչեւ նոր հանդիպում, այս ժամանակահատուածը բաց թողեցինք», ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Ան ընդգծած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կրնայ լուծուիլ միայն մէկ ճանապարհով՝ վերջինիս ինքնորոշման իրաւունք տրամադրելով: «ԼՂ ժողովուրդը միջազգայնօրէն ընդունուած ինքնորոշման իրաւունքի կրողն է: Այդ իրաւունքը պէտք է կեանքի կոչուի, պէտք է լիարժէք կերպով իրականացուի: ԼՂ հակամարտութիւնն այլ լուծում չունի», ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, այս օրերուն աշխատանքային այցով կը գտնուի Ուքրանիա:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ