Ողիմպիական Խաղերուն՝ Սերգէյ Միքայէլեան 46րդ էր

By Asbarez | Tuesday, 11 February 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Սոչիի մէջ տեղի ունեցող 22րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերու ծիրին մէջ 9 Փետրուարին խաղերուն մասնակցեցան Հայաստանի պատուիրակութենէն Սերգէյ Միքայէլեանն ու Արթուր Եղոյեանը:

15+15 սքիաթլոնի մրցումներուն Սերգէյ Միքայէլեան գրաւած է 46րդ դիրքը՝ 68 մասնակիցներուն մէջ։ Այս ցուցանիշը այս խաղերուն ընթացքին Հայաստանի մարզիկներուն համար լաւագոյնն է: Արթուր Եղոյեան 63րդ դիրքի վրայ է։

comments