Հայ Մարզկուհին Գրաւեց 64րդ Դիրքը

By Asbarez | Thursday, 13 February 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ.– 13 Փետրուարին Սոչիի 22րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն մրցուղի ներկայացած է գիւմրեցի դահուկորդուհի Կատեա Գալստեանը: Հայ մարզիկը իր ուժերը չափած է 10 քմ. դասական դահուկահարթակին վրայ: Մրցավազքին կը մասնակցէին 76 հոգիներ։ Գալստեան 10 քիլոմեթրը անցած է 35 վայրկեան 26.4 երկվայրկեանէն՝ գրաւելով 64րդ դիրքը:

Ախոյեան դարձած է Լեհաստանը ներկայացնող Ճուսթինա Քովալչիքը: Գալստեան յաղթողին զիջած է 7 վայրկեան 8.6 երկվայրկեանով: Ասիկա հայ մարզիկին միակ ելոյթն է ախոյեանութեան խաղերուն: Աշոցքցի դահուկավազորդներ Սերգէյ Միքայէլեանն ու Արթուր Եղոյեանը 13 Փետրուարին պիտի մրցին 15 քմ. դասական ոճին մէջ, իսկ Միքայէլեան 23 Փետրուարին հանդէս պիտի գայ նաեւ 50 քմ. ազատ ոճի դահուկահարթակին վրայ:

Լեռնադահուկորդ Արման Սերեբրակեանն ալ Փետրուարի 19ին եւ 22ին իր ուժերը պիտի չափէ յաջորդաբար հսկայ որոլորավայրէջք եւ յատուկ ոլորավայրէջք մրցաձեւերուն մէջ:

 

comments