ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 18 Փետրուարին՝ ներկայացնելով իր տարեկան ուղերձը, Րաֆֆի Յովհաննէսեան դիտել տուած է, որ պայքարի նոր շրջանի պիտի սկսի։ Ան յայտնած է, որ պիտի մեկնարկէ Հայաստանի ազատագրման համար պայքարը, եւ որ այս անգամ կարելի պիտի ըլլայ առաջադրուած նպատակին հասնիլ, որովհետեւ անցեալի սխալներէն կարելի է դասեր քաղել։
Ընդդիմադիր «Ժառանգութեան» առաջնորդը կոչ ուղղեց՝ բողոքելու փոխարէն պատրաստ ըլլալ պայքարի: Պէտք է ձեւաւորել պայքարի միասնական հրապարակ, նշած է ան:
«Թանկագին հայրենակիցներ, համաքաղաքացիներ, անմիջական հրամայական է դարձել մեր ժողովրդի օրինաւոր մեծամասնութեան հետ մէկտեղ իրականացնել սահմանադրական յեղափոխութիւն, քաղաքական եւ քաղաքացիական շահագրգիռ ուժերի ամենալայն մասնակցութեամբ՝ յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, մեր ազատութեան, ինքնիշխանութեան եւ ազգային շահի», ըսած է Յովհաննէսեան:
Յովհաննէսեան խոստովանած է, որ կարօտցած էր քաղաքացիներ: Ամփոփելով իր խօսքը՝ ան յատուկ կերպով անդրադարձած է վերջին մէկ տարուան ընթացքին յատկապէս տեղի ունեցած սղութիւններուն՝ ելեկտրականութեան եւ կազի ոլորտներուն մէջ: Ան խօսած է նաեւ կենսաթոշակային նոր համակարգին, կառատուներու վճարումներուն մասին՝ այս բոլորը մէկ բառով նկատելով «ռեկէտ» (յանցագործութիւն-Խմբ.):
Յովհաննէսեան անդրադարձած է նաեւ վերջերս, Երկրապահներու համագումարին ընթացքին Սերժ Սարգսեանին արտայայտած միտքին՝ միայն զէնքով կայ փրկութիւն:
«Ատելութեան չափաբաժինը այնքան խտացուել է, բարձրացել է մեզ մօտ, եւ հիմնական պատասխանատուն նա է, որ շատերը մտածում են այդ խօսքի ի կատար ածման մասին: Եւ քանի դեռ ուշ չէ, եւ տակաւին չենք մօտեցել վտանգաւոր եւ անթոյլատրելի քաղաքացիական պատերազմի շեմին, մենք պէտք է այլ համապետական լուծում գտնենք այսօրուայ մեր ճգնաժամին», նշած է Յովհաննէսեան: