Քլինթըն Կը Հեռաձայնէ Հայաստանի Նախագահին

By Արմէնփրէս | Monday, 11 July 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յուլիս 7ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ՝  քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղիհակամարտութեան կարգաւորման ներկայ փուլին վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սարգիսեան եւ տիկին Քլինթըն անդրադարձած են նաեւ հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող հարցերու:

Հեռախօսազրոյցը կայացած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ:

comments