Լաւրով Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Նախագահներուն Կը Փոխանցէ Մետվետեւի Առաջարկները

By Asbarez | Monday, 11 July 2011

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ Հայաստանի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, յայտնեց, որ Լաւրով նախագահ Ս. Սարգսեանի փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ուղերձը։

«Սերժ Սարգսեան հաստատած է ղարաբաղեան կարգաւորման խնդիրին մէջ իրական յառաջընթացի արձանագրման իր շահագրգռուածութիւնը՝ յայտարարելով, որ ուշադրութեամբ պիտի ուսումնասիրէ ուղերձը եւ մօտիկ ապագային պիտի պատրաստէ իր պատասխանը», իր կարգին յայտարարեց Լաւրով։

«Մենք կ՛ուզենք, որ խնդիրը լուծուի եւ լուծուի այնպէս, որ մեր տարածաշրջանին մէջ, իսկապէս հաստատուի վերջնական խաղաղութիւն ու կայունութիւն», Լաւրովի խօսքով՝ հանդիպման ընթացքին ըսած է նախագահ Սարգսեան։ Լաւրով նշեց նաեւ, որ Տմիթրի Մետվետեւ անկեղծօրէն շահագրգռուած է այս գործընթացի յաջողութեամբ, եւ վստահ է, որ համաձայնութեան գալու բոլոր պայմանները առկայ են։

Նալբանդեան, իր կարգին, բարձր գնահատեց բանակցային գործընթացին մէջ միջնորդներու աջակցութիւնը. «Ճիշդ այս տպաւորութեամբ ալ մենք մեկնած էինք Քազան», ըսած է ան:

Ըստ Նալբանդեանի, բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կարելի է արձանագրել միայն այդ պարագային, երբ Ատրպէյճան ետ վերցնէ իր ներկայացուցած տասը պահանջները։

Միւս կողմէ, Լաւրով, Ուրբաթ, Յուլիս 8ին մեկնեցաւ Պաքու, ուր հանդիպեցաւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ու անոր նոյնպէս փոխանցեց նախագահ Մետվետեւի առաջարկները:

«Առաջարկները ես կը փոխանցեմ ձեզի: Կ՛ակնկալեմ, որ ուսումնասիրելէ ետք, դուք արձագանգէք այդ գաղափարներուն», ըսած է Լաւրով նախագահ Ալիեւին:

comments