Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթով Ժապաւէններու Բեմագրութեան Մրցում

By Asbarez | Thursday, 20 February 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Փիւնիկ» հիմնադրամը եւ «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի զարգացման հիմնադրամը յայտարարած են Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով 4էն 6 վայրկեան տեւողութեամբ խաղարկային եւ վաւերագրական ժապաւէններու բեմագրութեան մրցում՝ նուիրուած Մեծ Եղեռնի հարիւրամեայ տարելիցին:

Մասնագէտներէ կազմուած դատական կազմը ընդունուած դիմումներէն պիտի ընտրէ 10 հատ: Բեմագրութիւնները կրնան ունենալ գրական հիմք: Լաւագոյնը նկատուած երեք բեմագրութիւններ պիտի պարգեւատրուին 1000 տոլարի համարժէք հայաստանեան դրամով, իսկ միւսները՝ 500 տոլարի համարժէք դրամով: Ընտրուած 10 բեմագրութիւններով ժապաւէններ պիտի պատ-րաստուին։

Բեմագրութիւնները պէտք է ներկայացնել «Ոսկէ Ծիրան»ի զարգացման հիմնադրամին՝ Երեւան, Մոսկովեան 3 հասցէով կամ ուղարկել info@gaiff.am ելեկտրոնային հասցէին՝ մինչեւ 30 Յունիս 2014:

comments

Advertisement