Հանդիպում՝ ՀՅԴի Եւ Բրիտանական Խումբի Անդամներուն Միջեւ

By Asbarez | Friday, 21 February 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան հանդիպում ունեցաւ Միջխորհրդարանական միութեան մէջ Բրիտանական խումբի կազմէն՝ Համայնքներու պալատի Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներ Սթիվըն Փաունտի եւ Մայք Կէյփսի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր:

Աղուան Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բրիտանացի պատգամաւորներուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու սերտացման առնչութեան ի գործ դրած իրենց ջանքերուն համար:

Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

ՀՅԴ Անգլիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ՝ 2007ի Օգոստոսին, Սթիվըն Փաունտ առաջին անգամ այցելած է Հայաստան եւ Արցախ:

comments

Advertisement