Նալբանդեան Կը Փորձէ Պարզաբանել Հայ-Թրքական Արձանագրութիւնները

By Asbarez | Friday, 04 September 2009

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին փորձեց պատասխանել հրապարակուած հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման առաջադրանքով պատրաստուած արձանագրութիւններուն մէջ տեղ գտած այն հարցերը, որոնք բուռն հակազդեցութիւն յառաջացուցած են լայն հասարակութեան քով:

Ըստ նախարարին, Օգոստոս 31ին կարեւոր հանգրուան մը արձանագրուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին վրայ, աւելցնելով, որ հակառակ բազմաթիւ խոչընդոտներու, նախորդած տարաբնոյթ յայտարարութիւններու, հնարաւոր եղած է գործընթացը մէկ քայլ առաջ տանիլ: Այսօր այդ քայլը, ըստ նախարարին, արժանացած է աշխարհի միահամուռ հաւանութեան ու աջակցութեան:

<<Այս քայլը ամենաբարձր մակարդակով ողջունւում է եւ անվերապահ աջակցութիւն է ստանում ամբողջ աշխարհից՝ Վաշինկթօնից, Մոսկուայից, Փարիզից, Պրիւքսէլից, բազմաթիւ հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութիւններից, բազմաթիւ երկրներից, որոնք գնահատելով կողմերի առաջ շարժուելու պատրաստակամութիւնը՝ կոչ են անում շարունակել ձեռնարկուած համարձակ եւ հեռատես քայլերը, յարգել փոխադարձ պայմանաւորուածութիւնները, սեղմ ժամկէտում հաստատել եւ իրագործել համաձայնեցուած արձանագրութիւնները, քանի որ դա կը նպաստի տարածաշրջանում խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատմանը>>, յայտնած է նախարար Նալբանդեան։

Հայ-թրքական սահմանի ճանաչումը վերահաստատել պահանջող ամրագրումներուն մասին (Կարսի պայմանագիրը յիշեցնող) եղած հարցումին, Նալբանդեան պատասխանած է՝ ըսելով. <<Փաստաթղթերում, որոնք հրապարակուած են, շատ պարզ ասուած է, որ կողմերը յարգում են միջազգային պայմանագրերով ամրագրուած միջազգային իրաւունքի նորմերն ու սկզբունքները։ Այնտեղ Կարսի պայմանագրի մասին որեւէ յիշատակում չկայ եւ <<եզի տակ հորթ>> փնտռել պէտք չէ>>։

Միւս, բուռն քննադատութեան արժանացած խնդիրը կը վերաբերէր պատմական հարցերով զբաղող յանձնաժողովի ստեղծման։ Որքանո՞վ հիմնաւոր են այն կասկածները, թէ՝ պատմաբաններու ու փորձագէտներու մասնակցութեամբ յանձնաժողովի քննարկումները պիտի վերաբերին նաեւ Ցեղասպանութեան խնդիրին:

<<Ինչ վերաբերում է ենթայանձնաժողովին, ապա այստեղ յստակօրէն գրուած է, որ այս ենթայանձնաժողովը բախուելու է երկու ժողովուրդների միջեւ փոխվստահութեան վերականգման հարցով՝ պատմական հարթութեան երկխօսութեան հիման վրայ, եւ այստեղ, եթէ դուք յատուկ գտնում էք այդ հարցը քննարկել, մենք այդպիսի հարց չենք դրել թուրքերի առաջ եւ երբեւէ էդ հարցը այդպէս չի դրուել, որ մենք պէտք է քննարկենք 1915 թուականի կամ Ցեղասպանութեան հարցը>>, յայտնած է Նալբանդեան:

Արձանագրութիւններու հրապարակումը կը նշանակէ՞ արդեօք, որ Հայաստանը վստահ է, թէ Թուրքիան այսուհետեւ խնդիրը պիտի չկապէ Ղարաբաղի խնդիրի հետ հարցումին, նախարարը պատասխանած է ըսելով. <<Ես վստահ եմ, որ մենք չենք կապում, վստահ եմ, որ եռանախագահող երկրները չեն կապում, վստահ եմ, որ ամբողջ աշխարհն այդպէս է ընկալում։ Եթէ անգամ Թուրքիան ուրիշ ձեւ է ընկալում, դա որեւէ նշանակութիւն չի ունենում, որովհետեւ դա միայն Թուրքիայի ինչ որ ընկալումներն են Ղարաբաղի հարցում։ Բազմիցս ասել ենք, որեւէ կապակցութիւն Ղարաբաղի հարցը չունի հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման հետ>>։

Նախարարը նշած է նաեւ, որ սկսած գործընթացը շարունակելու կամ յաջորդ հանգրուանին հասցնելու համար, տակաւին լուրջ ջանքեր կը պահանջուին:

Արձանագրութիւնները նախ պէտք է ստորագրուին, ապա վաւերացուին երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ:

comments

Advertisement