Ալիեւ 1,275,000 Տոլար Տրամադրած Է Խոջալուի Դէպքի Հակահայ Քարոզչութեան

By Asbarez | Tuesday, 04 March 2014

ՊԱՔՈՒ.- «AzerTAc» ատրպէյճանական կայքին համաձայն՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Խոջալուի դէպքին առնչուող «Justice for Khojaly» անունով քարոզչական ծրագիրին համար, յատուկ հրամանագիրով, տրամադրած է 1 միլիոն 275 հազար ամերիկեան տոլար:

Այս քարոզչական ծրագիրը սկիզբ առած է 2008 թուականին: Վերոնշեալ պետական յատկացումը ցարդ ամէնէն մեծ գումարն է՝ այդ ծրագիրին տրամադրուած:

Անգլերէն, ռուսերէն, թրքերէն, չինարէն եւ սպաներէն լեզուներով «Justice for Khojaly»ի կայքին վրայ զետեղուած են պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրող յօդուածներ եւ տեղեկութիւններ:

comments