By Asbarez | Thursday, 06 March 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Վիքթոր Խրիսթենքոն 6 Մարտին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Հայաստան Մաքսային միութեան անդամ կրնայ ըլլալ այս տարուան ընթացքին։ «Կը կարծեմ, թէ այս տարի՝ 2014ին, Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացը իրաւաբանօրէն կը ձեւակերպուի», փոխանցած է ան լրագրողներուն։
Ան նաեւ դիտել տուած է, որ 5 Մարտին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի գագաթաժողովին նախագահներուն զեկուցուած է Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան միանալու ճանապարհային քարտէզի իրականացման նախնական արդիւնքներուն մասին:
«Կարելի է ըսել, թէ Դեկտեմբերի գագաթնաժողովին յաջորդած երկու ամիսներուն ընթացքին Հայաստան նախատեսուածէն մեծ յառաջընթաց արձանագրած է «ճանապարհային քարտէզ»ի իրականացման իմաստով: Ես լաւատես եմ, որ մինչեւ անդամակցութիւն Հայաստան ճանապարհային քարտէզի անհրաժեշտ 260 կէտերը գործադրելու կարելիութիւնն ու ունակութիւնը կ՛ունենայ», հաստատած է Վիքթոր Խրիսթենքոն։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ