Պաքուի Մօտ Բրիտանիոյ Դեսպանը Արցախի Մէջ Հանրաքուէ Կ՛առաջարկէ

By Asbarez | Friday, 07 March 2014

 

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Հաքին» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մօտ Բրիտանիոյ դեսպան Իրֆան Սիտիք, ատրպէյճանական «Խազարի» համալսարանին մէջ «Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի քաղաքականութիւնն ու քաղաքական մշակոյթը» նիւթով դասախօսութեան ընթացքին, զուգահեռներ գծած է ղարաբաղեան տագնապին ու Բրիտանիոյ կազմէն դուրս գալու Սկովտիոյ մտադրութեան միջեւ:

«Այն, ինչ կը կատարուի Բրիտանիոյ մէջ, նոյնպէս հետաքրքրական է: Սկովտիոյ որոշ բնակիչներ չեն ուզեր մնալ Բրիտանիոյ կազմին մէջ: Պատերազմ սանձազերծելու փոխարէն, մենք հանրաքուէ պիտի կատարենք: Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակի հարցին մէջ նոյնպէս ելքը պէտք է հանրաքուէն ըլլայ: Ատիկա տրամաբանական փոխզիջում է կարգավիճակը որոշելու համար: Գոյութիւն ունի տագնապ, մէկը կ՛ուզէ մնալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, միւսը՝ չ՛ուզեր: Մեր պարագային ալ նոյն իրավիճակն է: Ոմանք կ՛ուզեն մնալ Բրիտանիոյ կազմին մէջ, ոմանք՝ ոչ: Տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յետագային», ըսած է Սիտիք՝ «զարմանք յառաջացնելով» ատրպէյճանցիներուն մօտ:

Բրիտանացի դիւանագէտի խօսքերուն հակադարձելով՝ կայքը գրած է. «Սկովտիոյ եւ Ղարաբաղի միջեւ զուգահեռներ կատարող դեսպանին դիրքորոշումը այնքան ալ ճիշդ չէ: Դեսպանը չի՞ հասկնար, որ հանրաքուէի արդիւնքները միատարր Ղարաբաղի մէջ, ուրկէ բռնագաղթած է ատրպէյճանական բնակչութիւնը, դիւրութեամբ կարելի է կանխատեսել: Միթէ դեսպանին նման խելացի մարդը տարբերութիւն չի՞ տեսներ երկու որակապէս տարբեր խնդիրներուն միջեւ»:

comments

Advertisement