Նալբանդեան. «Հայաստանը Ուկրաինայի Ճգնաժամի Խաղաղ Կարգաւորման Յոյս Ունի»

By Asbarez | Monday, 10 March 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.– «Հայաստանը յոյս ունի, որ բոլոր հնարաւոր քայլերը կը ձեռնարկուեն Ուկրաինայում շարունակուող ճգնաժամի լուծման համար», յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:

«Հանրային ռադիօ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախարար Նալբանդեան նշած է, որ այդ լուծումները պէտք է գտնել իրաւական դաշտին մէջ՝ աւելցնելով, թէ յոյս ունի, որ անոնք պիտի նուազեցնեն լարուածութիւնը:

Նալբանդեան յիշեցուցած է, որ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն առնչութեամբ Հայաստանի դիրքորոշումը արդէն հնչած է բարձրագոյն՝ հանրապետութեան նախագահի մակարդակով:

Յիշեցնենք, որ 6 Մարտին Տուպլինի մէջ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան լիագումար նստաշրջանին արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած էր. «Ուկրաինայի իրադարձութիւնները լուրջ մտահոգութեան առարկայ են բոլորիս համար: Խորապէս ցաւում ենք, որ Կիեւում եղան մեծաքանակ մարդկային զոհեր: Ստեղծուած իրավիճակում անհրաժեշտ է անել առաւելագոյնը լարուածութեան թուլացման եւ երկխօսութեան միջոցով ողջամիտ լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ»։

comments