Բարգաւաճ Հայաստան-ՀՅԴ Հանդիպում

By Asbarez | Monday, 10 March 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.– 7 Մարտին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ Հրանդ Մարգարեանի, Արմէն Ռուստամեանի եւ Աղուան Վարդանեանի միջեւ:

Քննարկման առանցքը եղաւ միասնական քաղաքական օրակարգի գործողութիւններու ճամբու քարտէս ձեւաւորելու հարցը:

Կարեւոր նկատելով հանդիպումը՝ ՀՅԴ ներկայացուցիչները նշեցին, որ Հայաստանը այսօր կանգնած է լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ, զորս յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է ներքին միասնականութիւնը:

Բարձր գնահատելով ՀՅԴի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումը՝ Գագիկ Ծառուկեան իր կարգին նշեց, որ քաղաքական-հասարակական լայն համախմբման շնորհիւ միայն կարելի է երկիրը դուրս բերել ստեղծուած տագնապալի վիճակէն:

comments