By Asbarez | Tuesday, 26 July 2011
ՊԱՔՈՒ.- «ՍալամՆիուզ» լրատուական գործակալութիւնը, վկայակոչելով «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանը՝ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ Երկուշաբթի, Յուլիս 18ին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Մամետեարով Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի փոխանցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով Ռուսիոյ առաջարկներուն վերաբերեալ Պաքուի պատասխանը։
Ընդգծելով, որ բանակցային գործընթացին մէջ ամէն բան Ատրպէյճանէն կախեալ չէ՝ Մամետեարով նշած է, որ պէտք է նաեւ Երեւանի պատասխանին սպասել։
«Սակայն մենք կը կարծենք, որ բանակցային գործընթացին մէջ յառջընթաց կայ։ Մենք աստիճանաբար կը շարժինք դէպի այն կէտը, երբ բոլորը պիտի հասկնան, որ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը ոչ ոքի ձեռնտու է, որոնց շարքին՝ մեր հարեւաններուն», ըսած է Մատմետեարով։
Նշենք, որ Լաւրով Հայաստան եւ Ատրպէյճան իր այցելութեան ընթացքին Երեւանին եւ Պաքուին փոխանցած էր ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հետ կապուած Մետվետեւի առաջարկները։
Ըստ ատրպեճանական «1news.az» կայքէջին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է Երեւանի հետ ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչութեամբ խաղաղ համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքներ սկսելու Պաքուի պատրաստակամութիւնը։
«Խաղաղ համաձայնագիրի քննարկումը պիտի ըլլայ այն բանին ազդանշանը, որ մենք բանակցութիւններու վերջին փուլին կ՛անցնինք», ըսած է ան եւ ընդգծած, որ Ատրպէյճանի կարծիքով, «Քազանի հանդիպումը դէպի յառաջ քայլ էր»։ Ան նշած է, որ խաղաղ համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքներ սկսելու ժամանակը հասունցած է։
Իր հերթին, Լաւրով նախ անդրադարձած է անցեալ Շաբաթ օր, ատրպեճանական մամուլին մէջ հրապարակուած այն տեղեկութեանց, որոնք հայկական կողմը կ՛ամբաստանեն 13ամեայ ազերի աղջիկ մը սպաննած ըլլալու յանցանքով: Ըստ այդ տեղեկութեանց, Ատրպէյճանի Թովուզ շրջանին մէջ 13 տարեկան Այգիւն Շամխալիեւա պայթուցիկ սարքի մը պատճառով մահացած է:
Նշելով, թէ միջադէպի առնչութեամբ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները քրէական գործ յարուցած են՝ Լաւրով կոչ ուղղած է լրագրողներուն, որ մինչեւ դատական գործի աւարտը զերծ մնան «ահաբեկչական գորղծողութիւն ու վանդալիզմ» որակումներէն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր կարգին, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը մերժած է Շամխալիեւայի մահուան հարցին մէջ հայկական կողմին որեւէ պատասխանատուութիւն ունենալը:
Ընդհանրացնելով իր խօսքը՝ Լաւրով յայտարարած է, որ իր երկիրը կը դատապարտէ որեւէ բռնի գործողութիւն ղարաբաղա-ատրպեճանական սահմանային գիծին վրայ:
Նոյն ասուլիսին ընթացքին, Լաւրով մասնակի տեղեկութիւնններ փոխանցած է նախագահ Մետվետեւի առաջարկներուն վերաբերեալ: «Գաղտնիք չեմ բացայայտեր, եթէ ըսեմ, որ հիմնարար սկզբունքներուն նախագիծը կը սկսի այսպէս. «Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները վճռած են մեկնարկել խաղաղութեան համաձայնագիրի աշխատանքները», ըսած է Լաւորով, ըստ որուն, այս սկիզբէն ետք շարադրուած են սկզբունքները, որոնք համաձայնեցման ընթացքի մէջ են եւ որոնք պիտի ընդգրկուին խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ:
«Շարք մը դրոյթներ տակաւին կը պահանջեն համատեղ աշխատանք: Թէեւ անոնք ընդհանրապէս շատ չեն, սակայն ունին առանցքային նշանակութիւն», ըսած է Լաւրով:
Հայաստան տակաւին Մոսկուային չէ փոխանցած նախագահ Մետվետեւի առաջարկներուն իր պատասխանը: Լաւրով եւ Մամետեարով նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ «Պետական սահմանի մասին» համաձայնագիրի վաւերացման շուրջ հաւատարմագիրներ փոխանակած են։
Ռուսիոյ խորհրդարանը նախապէս վաւերացուցած էր Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի մասին համաձայնագիրը, որ Սեպտեմբեր 2010ին ստորագրուած էր Պաքուի մէջ։ Ռուսիա առաջին երկիրն է, որուն հետ Ատրպէյճան պետական սահմանի մասին համաձայնագիր ստորագրած է։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ