By Asbarez | Tuesday, 26 July 2011
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը կը հաղորդէ. 11 Յուլիս 2011ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը ՀՄԸՄի երկարամեայ նուիրեալ գործիչ Հայկ Յովսէփեանի անունը կրող սկաուտական բանակավայրին:
Աւելի քան տարիէ մը ի վեր, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով, մայրաքաղաքի Էրեբունի համայնքին մէջ գտնուող այս գողտրիկ հողատարածքը տրամադրուած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿին՝ հոն «Հայկ Յովսէփեան» սկաուտական բանակավայրը կառուցելու համար: Այս բանակավայրի հիմնադրումը կարելի դարձաւ Յովսէփեան ընտանիքի նիւթական օժանդակութեան եւ ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութեան հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ:
Արժանաւոր ՀՄԸՄականի անունը կրող բանակավայրի բացումը յատկանշուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄի քոյր մասնաճիւղերու բանակումով, որուն կը մասնակցէին ՀՄԸՄի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ գործող Հայ Մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան սկաուտները:
«Հայկ Յովսէփեան» բանակավայրի կարմիր ժապաւէնը կտրելու եւ անուանակոչութեան տախտակի բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութեան անդամ Յարութիւն Յարութիւնեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ Բագրատ Եսայեան, Համաշխարհային սկաուտական շարժման Եւրասիոյ տարածաշրջանի տնօրէն Եուրի Եմիլեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան անձնակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան:
Օրհնութեան խօսք ուղղեց Արարատեան Հայրապետական թեմի ներկայացուցիչ Զգօն քհնյ. Աբրահամեան:
Արմէն Ռուստամեան ողջունեց եւ շնորհաւորեց ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը՝ իրենց գործակցութեան եւ իրագործումներուն համար:
Յարութիւն Յարութիւնեան ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութեան անունով ողջունեց եւ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները եւ Յովսէփեան ընտանիքը:
Ապա խօսք առնելով, Բագրատ Եսայեան նշեց, թէ միացեալ ճիգերով ձեռք բերուած այս բանակավայրը տարիներով պիտի ծառայէ ՀՄԸՄի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու սկաուտներուն, դառնալով անոնց հանդիպման եւ գործունէութեան մնայուն օճախը:
Բոլոր ելոյթ ունեցողները շնորհաւորանքի եւ բարեմաղթութեան խօսքեր ուղղեցին Յովսէփեան ընտանիքին եւ Հայկ Յովսէփեանի ընկերներուն՝ անոնց կատարած աշխատանքին եւ նիւթական օժանդակութեան համար:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ