Հայաստանի Ճատրակի Հաւաքականը Աշխարհի Ախոյեանութիւնը Կը Շահի

By Asbarez | Monday, 01 August 2011

ՊԷՅԺԻՆԿ.- Չինաստանի Նինպօ քաղաքին մէջ ընթացող աշխարհի խմբային առաջնութեան վերջին՝ 9րդ փուլին, առաջին դիրքը գրաւած Հայաստանը, 2-2 հաշիւով աւարտեց Ուքրանիոյ խումբին դէմ իր մրցումը եւ այդպիսով ապահովեց աշխարհի ախոյեանը դառնալու իրաւունքը:

Ուքրանիոյ դէմ մրցումին կը պայքարէին Վասիլի Իւանչուկ՝ ընդդէմ Լեւոն Արոնեան, Սերգէյ Մովսիսեան՝ ընդդէմ Պաւել Էլիանով, Զահար Էֆիմենքօ՝ ընդդէմ Վլատիմիր Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան՝ ընդդէմ Ալեքսանդր Մոյսենքոյիք:

Ուքրանիոյ հետ հաւասարութեամբ, տասը հաւաքականներու պայքարին մէջ Հայաստանի խումբը 14 միաւոր ապահովեց եւ գրաւեց առաջին հորիզոնականը:

Ստորեւ՝ Հայաստանի հաւաքականին իրականացուցած հանդիպումներուն արդիւնքները.

1. Հայաստան-Իսրայէլ՝ 3.5:0.5

2. ԱՄՆ-Հայաստան՝ 2:2

3. Հայաստան-Ռուսիա՝ 2:2

4. Հայաստան-Եգիպտոս՝ 3.5:0.5

5. Չինաստան-Հայաստան՝ 1.5:2.5

6. Հայաստան-Հնդկաստան՝ 2.5:1.5

7. Հունգարիա-Հայաստան՝ 1.5:2.5

8. Հայաստան-Ատրպէյճան՝ 2:2

9. Հայաստան-Ուքրանիա՝ 2:2

Ճատրակի այս մրցումին մասին իր տեղեկագրութեան մէջ «Ռատիօլուր»ի թղթակիցը կը գրէ, որ «մեր ընտրանին հանդէս էր գալիս իր ուժեղագոյն կազմով: Թիմի աւագ եւ մարզիչ Արշակ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ, պայքարի դուրս եկան Լեւոն Արոնեանը, Սերգէյ Մովսիսեանը, Վլադիմիր Յակոբեանը, Գաբրիէլ Սարգսեանը եւ Ռոբերտ Յովհաննիսեանը»:

«Ռատիօլուր»ը կը շարունակէ. «Շախմատային ամենաբարձր մակարդակի այս մրցաշարը շատ բարդ էր մեր տղաների համար: Բոլոր հանդիպումները դժուար էին, առկայ լարուածութիւնը եւ յուզմունքը աւելի էին դժուարացնում պայքարը: Չնայած այդ ամէնին, որպէս ամենասկզբունքային մրցապայքար՝ Վլադիմիր Յակոբեանը մատնանշում է մրցաշարի նախավերջին օրը Ադրբեջանի հաւաքականի հետ հանդիպումը»:

«Նիուզ Էյ.Էմ» իր կարգին կը գրէ, որ Ճատրակի աշխարհի 8րդ խմբային այս ախոյեանութեան մրցումներուն յաղթական դուրս գալով՝ Հայաստանը նախկին ԽՍՀՄի, ԱՄՆի, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ կանգնեցաւ նոյն շարքի վրայ:

comments

Advertisement