By Asbarez | Monday, 24 March 2014
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան 24 Մարտին ընդունած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, որոնց հետ քննարկած է Արցախի միջազգային ճանաչման հարցը:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատած է նման հանդիպումներու կայացումը՝ միացեալ քայլերու կարելիութիւնները քննարկելու եւ համագործակցութեան օրակարգը ընդլայնելու առումով:
Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են շարք մը հարցերու, որոնց կարգին Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման ներկայի հանգրուանին եւ Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին վերաբերեալ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն:
Հանդիպման աւարտին նախարար Կարէն Միրզոյեան ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն յանձնած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան յուշամետալներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ