By Asbarez | Monday, 01 August 2011
ԵՐԵՒԱՆ.- Պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քամորովսկիի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հինգշաբթի, 28 Յուլիսին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ մէկ օր առաջ, Պաքուի մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ելոյթին, որուն մէջ խիստ վիրաւորական խօսքեր հնչած էին յանձինս հայ ժողովուրդին:
Անդրադառնալով Հայաստանի նախագահի՝ Արեւմտեան Հայաստանի մասին իրեն ուղղուած հարցումին տուած պատասխանին՝ Ալիեւ ըսած է հետեւեալը.
«Այս երկիրը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ խնդիրներ: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կը հեռանան երկիրէն: Երկրի տնտեսութիւնը ճգնաժամի մէջ է, ժողովուրդը՝ աղքատ, թշուառ ու յուսալքուած: Երկրին մէջ չկայ որեւէ հաստատութիւն, որ լաւ վիճակի մէջ է: Առանց արտաքին օժանդակութեան եւ հովանաւորութեան, այս երկիրը կը քանդուի: Այս վիճակով, 1.8 միլիոն իրական բնակչութեամբ, անոնք Թուրքիայէն հողեր կը պահանջեն: Անոնք կը կարծեն, որ լուծած են Ղարաբաղի հարցը: Անոնք կը սխալին: Լեռնային Ղարաբաղը ատրպեճանական տարածք է եւ կը մնայ այդպէս: Պիտի գայ ժամանակը եւ Ատրպէյճան պիտի վերահաստատէ իր գերիշխանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ, եթէ ոչ բանակցութեամբ, ապա՝ ռազմական ճամբով:
«Թուրքիոյ նման մեծ պետութենէ մը կարելի՞ է հողեր պահանջել: Ասիկա պարզապէս ցոյց կու տայ, որ անոնք մտային խնդիրներ ունին: Անոնք իրական աշխարհի մէջ չեն ապրիր, այլ՝ երազային: Թող արթննան, թող վերադառնան իրականութեան աշխարհ, եւ առնուազն՝ իրենք զիրենք համեմատեն Թուրքիոյ հետ: Ինչպէ՞ս կարելի է փիղը համեմատել մրջիւնին հետ»:
«Հայ ժողովուրդի հասցէին Իլհամ Ալիեւի այս արտայայտութիւնները հարիր չեն ոչ միայն երկրի մը ղեկավարին, այլեւ՝ բնական մարդու», վերոնշեալ ելոյթին անդրադառնալով յայտարարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Լեռնային Ղարաբաղում նախագահական երեք ընտրութիւններ են տեղի ունեցել, եւ բոլոր երեք նախագահներն ընտրուել են ժողովրդի կողմից: Նրանցից ոչ մէկն իշխանութիւնը ժառանգութիւն չի ստացել, եւ այդ պատճառով էլ, Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած իշխանութիւնները, ի տարբերութիւն իրենց ատելութիւնը թաքցնելու անկարող հարեւան երկրի իշխանութիւններին, իրենց թոյլ չեն տայ վիրաւորական յայտարարութիւններ անել: Իսկ թոյնով լցուած մարդիկ ի վիճակի չեն ճիշդ որոշումներ կայացնել, դրա համար էլ նման իրավիճակում եւրոպական կառոյցների աջակցութիւնը Ղարաբաղին ուղղակի անհրաժեշտութիւն է», ընդգծեց Սարգսեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ