By Asbarez | Wednesday, 26 March 2014
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– Արցախի մէջ կայացած ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովի մասնակից անդամներէն Մուրատ Թօփալեան (Միացեալ Նահանգներ), Բենեամին Պչաքճեան (Լիբանան), Եղիսաբէթ Չուլճեան (Միացեալ Նահանգներ), Կարօ Մատէնլեան (Միացեալ Նահանգներ) 24 Մարտին հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներուն հետ:
Անոնք ներկայացուցին արտերկրի մէջ Հայ Դատի գործունէութիւնը, Արցախի հիմնախնդիրին առնչուած իրենց աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:
Եղիսաբէթ Չուլճեան, որ երկար տարիներէ ի վեր կ՛աշխատի Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակին մէջ, երիտասարդներուն ներկայացուց ատրպէյճանական եւ թրքական օրըստօրէ աշխուժացող լոպիինկին դէմ Հայ Դատի գրասենեակին կատարած հակաքայլերը: Ան դիտել տուաւ, որ՝ ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ, որոնք շատ մեծ ֆինանսական միջոցներ կը տրամադրեն հակահայկական քարոզչութիւն իրականացնելու, պատմութիւնը խեղաթիւրելու համար, առ այսօր Հայ Դատի գրասենեակները յաջողած են իրենց գրագէտ ու համակարգուած գործունէութեան շնորհիւ հակազդել անոնց հակաքարոզչութեան:
«Մեզի ուժ ու եռանդ կու տայ այն հանգամանքը, որ հազարաւոր հայ մարդիկ մեր կողքին են եւ կը կիսեն մեր գաղափարներն ու մտահոգութիւնները: Այդ պատճառով ալ, նոյնիսկ ամէնէն դժուար պահուն, երբ կը թուի, թէ ելք չկայ այլեւս, նահանջելու իրաւունք չենք տարի մենք մեզի եւ կը պայքարինք մինչեւ վերջ», դիտել տուաւ Եղիսաբէթ Չուլճեան:
Խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ երկխօսութիւն: Երիտասարդները զիրենք մտահոգող հարցումները ուղղեցին գործիչներուն, մասնաւորապէս՝ հայրենադարձութեան, Հայ Դատի աշխատանքներուն արցախցի երիտասարդ մասնագէտներու ներգրաւուածութեան, երկու հայկական հանրապետութիւններու ներքին խնդիրներուն մասին:
Մուրատ Թօփալեան, որ երկար տարիներ աշխոյժ կերպով ներգրաւուած էր Հայ Դատի տարբեր աշխատանքներուն մէջ, վստահութիւն յայտնեց, որ Հայ Դատի վերջնական լուծումը, Արցախեան հարցի կարգաւորումը երիտասարդ սերունդին ձեռքն է:
«Մեր երազը՝ ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանը, բարձր դիրքի վրայ է, սակայն անհասանելի չէ: Դո՛ւք էք մեր նորագոյն պատմութեան կերտողը, մեր յեղափոխութիւնը, քանզի միայն զէնքով չէ յեղափոխութիւնը, այլեւ անիկա ապրելու ձեւ է», հաստատեց ան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ