Հայաստանի Պատգամաւորները Լաթաքիոյ Մէջ

By Asbarez | Wednesday, 26 March 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լաթաքիա գտնուող Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանին ընկերակցութեամբ հանդիպում ունեցած է Լաթաքիա ապաստանած քեսապահայերուն հետ:

Այս մասին «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան։ Ան նշած է, որ վերադառնալէ ետք անոնք իրենց այցելութեան մասին զեկուցում պիտի ներկայացնեն։

 

 

\

 

comments