Հայկական Բանակը Համալրուեցաւ 308 Նոր Սպաներով

By Փանորամա | Tuesday, 09 August 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ուսումնարանին մէջ, Օգոստոս 1ին տեղի ունեցած է 308 շրջանաւարտներու սպայի կոչման յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ներկայ եղած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, զինեալ ուժերու ԳՇ պետ զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով, բարձրաստիճան զինուորականներ ու շրջանաւարտներու հարազատներ:

ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը հաղորդեն, թէ հանդիսութեան ելոյթ ունեցած է նաեւ ՀՀ զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան: Իսկ նախարար Ս. Օհանեան, շնորհաւորելով շրջանաւարտները՝ նշած է, որ ռազմական հիմնարկի սպաները բազմիցս ապացուցած են իրենց նուիրուածութիւնը հայրենիքին։

«Դուք, համալրելով Հայաստանի հանրապետութեան զինուած ուժերը՝ նոր ու հաստատուն քայլերով զարկ էք տալիս մեր բանակի հզօրացմանը», ըսած է նախարարը:

Օհանեան անդրադարձած է նաեւ սպաներու հասարակական ապահովութեան հարցերուն եւ հաւաստիացուցած, որ ինչպէս նախորդ տարիներուն, յետայսու նոյնպէս, սպաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն խնդիրները պիտի գտնուին պաշտպանութեան նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնը:

Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական ուսումնարանի պետ, զօրավար-հրամանատար Մարթին Կարապետեան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Ռազմական ուսումնարանի 17 տարուան պատմութեան ընթացքին, 3500 սպա համալրած է ազգային բանակը՝ շարունակելով Հայաստանի զինուած ուժերու յաւիտենական երթը:

comments