Գանձասարի Մէջ Հանդիսաւոր Արարողութեամբ Վառեցաւ Համահայկական 5րդ Խաղերու Ջահը

By Թերթ | Tuesday, 09 August 2011

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թերթ».- ԼՂՀ Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ Երեքշաբթի, 2 Օգոստոսին, տեղի ունեցաւ Համահայկական 5րդ խաղերու ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ եղաւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան:

Նշանակալի այս իրադարձութեան առթիւ ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց նախագահ Սահակեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ.

«Ուրախ եմ ողջունել բոլորիդ Արցախեան հինաւուրց հողում:

«Այսօր մենք մասնակցում ենք չափազանց կարեւոր ու խորհրդանշական մի միջոցառման: Վերջին 20 տարիների ընթացքում Արցախը դարձել է համայն հայութեան համախմբման խորհրդանիշ»:

Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ նման ձեռնարկները նոյնպէս կը հանդիսանան Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կուռ ու անսասան եռամիասնութեան վկայութիւնը:

«Այդ եռամիասնութեան շարունակական ամրապնդման տեսանկիւնից ենք մենք կարեւորում համահայկական խաղերի դերը, որոնք իրենց բնոյթով ոչ միայն մրցումներ են, այլեւ մեր ժողովրդի համերաշխութեան ու միասնականութեան եւս մէկ դրսեւորում: Յաղթական ոգին պէտք է միշտ ամուր լինի իւրաքանչիւր հայի մօտ եւ ուղեկցի մեզ մեր անխախտ ճանապարհին», շեշտեց ԼՂՀ նախագահը:

Նշենք, որ հանդիսութեան ներկայ էին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Համահայկական խաղերու միջազգային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան եւ բազմաթիւ հիւրեր Հայաստանէն ու Սփիւռքէն:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement