Հայ ըմբշամարտիկը Եւրոպայի ախոյեան

By Asbarez | Monday, 07 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».– Ֆինլանտայի Վանթաա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան ծիրին մէջ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան եզրափակիչ հանգրուանին յաղթեց իր թուրք մրցակից Չենք Իլտեմին՝ երրորդ անգամ անընդմէջ նուաճելով մայրցամաքի ախոյեանի կոչումը:

98 քկ. ծանրութեան դասակարգէն հանդէս եկող Ալեքսանեան ախոյեանութեան բոլոր հինգ մրցամարտերուն ոչ մէկ միաւոր կորսնցուց: 22ամեայ ըմբիշը պարտութեան մատնեց Ուքրանիոյ, Խրուաթիոյ, Գերմանիոյ, Նորվեկիոյ եւ Թուրքիոյ մրցակիցները:
Նոյն ախոյեանութեան յունահռոմէական ոճի այլ հայ ըմբիշ՝ Արսէն Ջուլֆալակեանը (75 քկ.) նուաճած է արծաթէ մետալ՝ եզրափակիչ հանգրուանին պարտութեան մատնելով ռուս մրցակիցը՝ Ալեքսանտր Չեքիրքինը:
Նախապէս Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշ Գրիգոր Գրիգորեանը (71 քկ.) նուաճած էր արծաթէ մետալ, իսկ Գարիկ Բարսեղեանը (57 քկ.) եւ Մուսա Մուրտազալիեւը (86 քկ.)՝ պրոնզէ մետալներ:

comments