Քաղաքական ապաստան ատրպէյճանցի ընտանիքի մը Հայաստանի մէջ

By Asbarez | Tuesday, 08 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինա Նաու».– Երեւանի իշխանութիւնները քաղաքական ապաստան տրամադրած են ատրպէյճանցի ընտանիքի մը, որ այս տարուան սկիզբը հատած էր հայ-վրացական սահմանը:
Ջաւիտ Օրուճեւը, իր կինը՝ Ռոզա Միրզոեւան եւ երեք երեխաները Հայաստան եկած էին Յունուարի աւարտին՝ ըսելով, որ իրենք Ատրպէյճանէն փախուստ տուած են իրենց դէմ գործադրուած հալածանքներուն պատճառով։
Ըստ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ)՝ Օրուճեւը յայտարարած է, որ իրեն նկատմամբ ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններու ճնշումները սկսած են հայկական արմատներով կնոջ հետ ամուսնանալէ ետք: 38ամեայ Օրուճեւը ըսած է, որ այդ պատճառով ան անյաջող փորձ կատարած է եւ քաղաքական ապաստան փնտռած եւրոպական երկիրներէն որեւէ մէկուն մէջ:
Հայաստանի գաղթականներու գործակալութեան պետ Գագիկ Եգանեանի համաձայն՝ իրենք ընթացք տուած են քաղաքական ապաստան ունենալու անոնց խնդրանքին։

comments