Սփիւռքի նախարարն ու ՄԱԿի ղեկավարը քննարկած են Քեսապի կացութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 09 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան 9 Ապրիլին ընդունած է ՄԱԿի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Քրիստոֆ Պիերուիրտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաջեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Քեսապ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններն ու անոնց հետեւանքները, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն հիմնախնդիրները, նաեւ՝ զանոնք կացարաններով ապահովելու եւ Նոր Հալէպ թաղամասի կառուցման առնչուող շարք մը այլ հարցեր։
Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատած է Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարին հետ գործակցութիւնը, Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն հիմնախնդիրներու լուծման գծով անոնց աշխոյժ գործունէութիւնն ու Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները՝ Քրիստոֆ Պիերուիրտի մասնակցութիւնը:
Քրիստոֆ Պիերուիրտ շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին՝ կառուցողական քննարկումներուն, առաջարկներուն եւ համագործակցութեան համար: Ան նշած է, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի Քեսապի դէպքերուն, մնայուն կապի մէջ է ՄԱԿի համապատասխան ստորաբաժանումներուն հետ եւ հայ ժողովուրդին դիրքորոշումը փոխանցած է ՄԱԿի գործընկերներուն: Ք. Պիերուիրտ իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է նաեւ Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայերուն հիմնախնդիրներուն վերաբերող հարցերու լուծման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքը՝ յոյս յայտնելով, որ անոնք կը ստանան անհրաժեշտ օժանդակութիւնն ու նեցուկը։
Հանդիպման աւարտին կողմերը համաձայնած են շարունակել համատեղ աշխատանքները՝ ստեղծուած իրավիճակին մէջ սուրիահայերու հիմնախնդիրները լուծելու, յատկապէս՝ բնակարանաշինութեան եւ կացարաններով ապահովելու ուղղութեամբ ծրագիրներ գործադրելու համար:

comments