Ոեւէ մէկը պէտք չէ երկու անգամէն աւելի երկիրը կառավարելու յաւակնութիւն ունենայ. Սերժ Սարգսեան

By Asbarez | Thursday, 10 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».– «Պաշտօնապէս յայտարարում եմ, որ ես՝ Սերժ Սարգսեանս, այլեւս երբեք չեմ առաջադրուելու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնի համար», յայտարարած է Սերժ Սարգսեան, 10 Ապրիլին սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, որուն նպատակն էր սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի քննարկումներ կատարել։ Ապրիլ 10ին արադարադատութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած է սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախնական տարբերակը: (հայեցակարգը ամբողջութեամբ կրնաք կարդալ այցելելով Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան կայքէջը՝ http://www.justice.am/storage/uploads/A_00.pdf):

«Եթէ վերջնական քննարկումների արդիւնքում իմ ցանկութեանը չհամապատասխանող ուղի ընտրուի, նկատի ունեմ պառլամենտական (խորհրդարանական-Խմբ.) կառավարման մոդելը, ապա ես չեմ յաւակնի նաեւ վարչապետի պաշտօնին: Վստահ եմ անգամ, որ մէկ մարդը երկու անգամից աւել իր կեանքում պէտք չէ յաւակնի ընդհանրապէս երկրի կառավարման ղեկին Հայաստանում», ըսած է Սերժ Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ ինք կը ղեկավարէ Հայաստանի մեծագոյն քաղաքական ուժը եւ «ինչպիսի սահմանադրական կառուցակարգերի վրայ էլ ի վերջոյ կանգ առնեն, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնն այդ կանոններով կը շարունակի իր ծանրակշիռ ու որոշիչ դերակատարութիւնը Հայաստանում»:

Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը վստահօրէն այդ ճամբով պիտի ընթանայ:

«Ես սա ասում եմ, քանի որ գիտակցում եմ Սահմանադրութեան դերն ու ժողովրդավարական աւանդոյթների կարեւորութիւնը մեր երկրի համար, դա շատ աւելի կարեւոր է, քան հնարաւոր բոլոր վայ-շահարկումները, որոնք պարզապէս թեթեւամտութեան ժանրից են: Եւ ես սա ասում եմ այսօր՝ որպէս սահմանադրական բարեփոխումների գործընթացի իրականացման ազատութեան երաշխիք ու նաեւ ազատ գործելու երաշխիք ձեզ համար: Եւ ես սկզբունքօրէն, ի հարկէ, համաձայն եմ հայեցակարգի հանրային քննարկումների ժամկէտը երկարաձգելու ձեր առաջարկի հետ եւ գտնում եմ, որ որպէս այս փաստաթղթի հեղինակ, հէնց յանձնաժողովը պէտք է ստանձնի այդ քննարկումների պատշաճ անցկացման եւ դրանց արդիւնքների ամփոփման բարդ ու պատասխանատու առաքելութիւնը», դիտել տուած է նախագահը:

Անդրադառնալով դատական իշխանութեան առնչուող փոփոխութիւններուն՝ Սերժ Սարգսեանը նշած է, որ բոլոր «դէմերը» ու «կողմերը» պէտք է քննարկուին ինքնին այդ համակարգի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Պետութեան կառավարման ձեւին առնչութեամբ նախագահը արտայայտած է այն կարծիքը, որ Հայաստանի համար «զարգացման ներկայ փուլում գործող կառավարման մոդելն առաւել ընդունելի է»:

«Ինչեւէ, գտնում եմ, որ մասնագիտական յանձնաժողովի կողմից բարձրացուած այս հարցը, ի թիւս այլնի, պէտք է դառնայ հանրային քննարկումների առարկայ: Սակայն կարեւոր է նաեւ նկատի ունենալ, որ քաղաքական երանգ ունեցող հարցերին վերջնական գնահատական տալուց չպէտք է անտեսուեն կամ թերագնահատուեն մեր երկրի քաղաքական ուժերի մօտեցումները», ըսած է Սերժ Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ «մարդիկ էլ, քաղաքական ուժերն էլ, այսպահային շահերն էլ անցողիկ են, Սահմանադրութիւնը սերունդների համար է»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement