Հայաստանը կը գրաւէ ՖԻՖԱ-ի ցանկի 33 դիրքը

By Asbarez | Friday, 11 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– ՖԻՖԱն 10 Ապրիլին հրապարակած է ազգային հաւաքականներու դասակարգման ամսական ցանկը: Հայաստանի ազգային ընտրանին, որ նախորդ ամիս մրցանշային 30րդ դիրքէն նահանջած էր մինչեւ 41րդ դիրք, այսօրուան դրութեամբ 33րդն է՝ ունենալով 750 վարկանշային միաւոր: Թէեւ այս հանգրուանին Հայաստանի հաւաքականը խաղ չէ ունեցած, սակայն բարձրացած է այլ խումբերու պարտութեան շնորհիւ։


Համաշխարհային ցանկը կը շարունակէ գլխաւորել աշխարհի ու Եւրոպայի ներկայիս ախոյեան Սպանիան Գերմանիան երկրորդն է: Լաւագոյն հնգեակին մէջ են Փորթուկալը, Քոլոմպիան եւ Ուրուկուէյը: Արժանթինը երրորդէն իջած է 6րդ, ուր կը գտնուի նաեւ Պրազիլը, լաւագոյն տասնեակը կ՛եզրափակեն Զուիցերիան, Իտալիան եւ Յունաստանը։

Նախկին Խորհրդային միութեան երկիրներէն լաւագոյնը Ուքրանիան է (17), որուն կը յաջորդէ Ռուսիան (18):

Տարածաշրջանին մէջ լաւագոյնը Հայաստանն է, որուն բարձրացման զուգահեռ Թուրքիան նահանջած է: Վերջինը 38էն իջած է 39րդ, Իրանը 5 դիրքով բարձրացած է եւ հիմա 37րդն է: Ատրպէյճան 6 կէտով բարձրացած է 85րդ տեղ, ինչ որ այս երկրի պատմութեան մէջ մրցանիշ կը նկատուի, իսկ Վրաստանը 4 դիրքով նահանջած է՝ 103րդ հորիզոնականին վրայ հանգչելով:


comments