By Asbarez | Friday, 11 April 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «ՀՅԴն ողջունում է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութիւնը, որ ինքն այլեւս չի առաջադրուելու նախագահի պաշտօնում, իսկ եթէ իր ցանկութեանը հակառակ՝ ընտրուի կառավարման խորհրդարանական մոդելը, ինքը չի յաւակնի նաեւ վարչապետի պաշտօնին»:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան: «Մենք դրական ենք գնահատում այս յայտարարութիւնը եւ ողջունում այն», յայտնած է Վարդանեան՝ աւելցնելով, որ առաջարկուող սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգին մէջ բազմաթիւ խնդիրներ կան, եւ յառաջիկային մեր հանրութիւնը, քաղաքական ուժերը պէտք է լրջօրէն զբաղին այդ հայեցակարգով:
Անդրադառնալով Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծին, զոր 10 Ապրիլին ներկայացուած է Հայաստանի նախագահին՝ Վարդանեանը նշած է, որ պէտք չէ այս հարցին մէջ թիւրիմացութեան մէջ իյնալ։ «Նախ մենք պէտք է հասկանանք, թէ ինչ է արել աշխատանքային խումբը, որն ստեղծուել է նախագահի առաջարկութեամբ եւ Սահմանադրական դատարանի նախագահի գլխաւորութեամբ: Յանձնաժողովը ձեւակերպել է, որ այսօրուայ մեր Սահմանադրութիւնը բազմաթիւ հարցերի լուծում չի տալիս, իսկ այդ հարցերը պէտք է լուծուեն: Հնարաւոր է՝ դրանց լուծումը տրուի ներկայիս կառավարման համակարգը բարեփոխելու ճանապարհով, կամ որ աւելի նախընտրելի է՝ խորհրդարանական համակարգին անցնելն է», ըսած է Վարդանեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ