Արցախի մէջ բնակարաններ յանձնուած են Սուրիահայ ընտանիքներուն

By Asbarez | Monday, 14 April 2014

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– 2014 թուականի Ապրիլ 11ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղ շրջանի Կովսական քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է բազմաբնակարան շէնքի բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին բնակարաններ ստացած են տասը սուրիահայ ընտանիքներ, որոնք վերջին քանի մը տարիներուն տեղափոխուած եւ վերաբնակած են Կովսականի մէջ:


«Օգնիր եղբօրդ» բարեսիրական հիմնադրամը եւս իր ներդրումը ունեցած է բազմաբնակարան շէնքի կառուցման գործին՝ այդպիսով նպաստելով ազատ եւ անկախ Արցախի վերաբնակեցման քաղաքականութեան եւ զարգացման:

«Օգնիր եղբօրդ» հիմնադրամի պատուիրակութիւնը՝ ներկայ գտնուելով բնակարանամուտի արարողութեան, հանդիպում ունեցած է նաեւ Կովսականի մէջ վերաբնակեցուած սուրիահայ ընտանքիներուն հետ՝ ծանօթանալով անոնց խնդիրներուն։ Հիմնադրամի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Քաշաթաղի շրջանի աշխատակազմին հետ, իսկ «Քաշաթաղ» հիմնադրամին հետ ձեռք բերած է շարք մը համաձայնութիւններ՝ հետագայ ծրագիրներու իրագործման նպատակով։
«Օգնիր եղբօրդ» բարեսիրական հիմնադրամը շնորհաւորած է Արցախի մէջ իրենց տունը կառուցած սուրիահայ ընտանքիները եւ մաղթած է բարեբեր եւ արդիւնաւէտ աշխատանք՝ հետագայ գործունէութեան մէջ:


Այս առնչութեամբ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ հիմնադրամը գրած է. «Օգնիր եղբօրդ» բարեգործական հիմնադրամը վերահաստատում է իր յանձնառութիւնը աջակցելու հայրենիք տեղափոխուած սիրիրահայութեանը եւ եւս մէկ անգամ յայտարարում, որ տուեալ ծրագրի շրջանակներում կատարուող աշխատանքները շարունակական են եւ սիրիահայութիւնը դեռեւս կարող է ցանակագրուել Կովսականում վերաբնակեցուելու նպատակով»:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement