By Asbarez | Monday, 14 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».– Նորանշանակ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հայաստանեան այն քաղաքական գործիչներէն է, որուն անունը յիշուած էր «Ուիքիլիքս»ի կողմէ գաղտնազերծուած նամակներուն մէջ: 29 Հոկտեմբեր 2008ին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկած գաղտնի նամակին մէջ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու օրուան դեսպան Մարի Եովանովիչ կը գրէ, որ Աբրահամեան հանրապետական այն քաղաքական գործիչներէն է, որ կ՛օգտագործէ քաղաքական իշխանութիւնը՝ իր առեւտրական շահերը յառաջ տանելու համար:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ժամանակաւոր հաւատարմատար Ժոզէֆ Փենինկթըն 2008ի 21 Ապրիլին կազմուած Հայաստանի նոր կառավարութեան մասին իր երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկացուցած է, որ Աբրահամեան վատ համբաւ ունի թէ՛ փտածութեան, եւ թէ այն պատճառով, որ Սերժ Սարգսեանի նախընտրական արշաւին ժամանակ եղած է ամէնէն կեղտոտ մարտավարական քայլեր իրականացնողը: Մէկ տարի ետք այլ նամակով մը Փենինկթըն փոխանցած է դեսպանատան ներկայացուցիչին հետ գործարար Միխայիլ Բաղդասարովի խօսքը՝ Աբրահամեանի մասին:
«Բաղդասարովը այն կարծիքը արտայայտեց, որ Տիգրան Սարգսեանի անարդիւնաւէտութիւնը՝ որպէս վարչապետ, օգնած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի քաղաքական վերելքին: Բաղդասարովի համաձայն՝ երբ հայաստանեան քաղաքական դաշտի մեծ խաղացողները կ՛ուզէին, որ այս կամ այն բանը կատարուի, անոնք կ՛անտեսէին վարչապետը եւ կ՛երթային Աբրահամեանի մօտ: Գործարարը նշած է, որ Աբրահամեանը պէտք չէ թերագնահատել, ան արդէն կրցած է «ստուերային կառավարութիւն» ստեղծել խորհրդարանին մէջ: Բաղդասարովը ենթադրած է, որ Յովիկ Աբրահամեանը պիտի դառնայ Հայաստանի յաջորդ վարչապետը, եւ, վերջ ի վերջոյ, Հայաստանի նախագահ»:
Հակառակ անոր որ 2006 թուականի գոյքի եւ եկամուտներու յայտարարագիրին համաձայն Աբրահամեան ունի 53,24 հեկտար գիւղատնտեսական հողեր, չորս միաւոր անշարժ գոյք՝ Երեւանի մէջ, այնուհանդերձ հանրութիւնը շատ աւելի քաջածանօթ է մայրաքաղաքին մէջ՝ «Յաղթանակ» զբօսայգիին կից, 2500 քառակուսի մեթր տարածքի վրայ կառուցած անոր տան, որ գրեթէ Ազգային ժողովի շէնքի փոքր կրկնօրինակն է:
Նախարար Աբրահամեանի դրամատնային հաշիւներուն 2007ի Յունուարի 1ի դրութեամբ եղած է 55 միլիոն դրամ եւ մէկ միլիոն 830 հազար տոլար, ժամանակակից նկարիչներու 30 կտաւ: Անոր որդիին՝ Արգամ Աբրահամեանին կը պատկանի «Արտֆուդ» պահածոներու ընկերութեան բաժնետոմսերուն 50 տոկոսը: Արգամը Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի փեսան է: Հակառակ այս փաստին՝ ՀՀԿ մամլոյ քարտուղար Էդուարդ Շարմազանով յայտարարած է. «Յովիկ Աբրահամեանին տրուել է ազատութիւն կադրային քաղաքականութեան հարցում եւ ոչ թէ առաջնորդուել քաւոր-սանիկական սկզբունքով»։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ