«Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Դասեր Քաղած Են Ռուս-Վրացական Պատերազմէն», Կ՛ըսէ Մետվետեւ

By Asbarez | Sunday, 14 August 2011

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, ռուսական «Առ.Թի.» եւ վրացական պատկերասփիւռի կայաններուն, ինչպէս նաեւ «Էխօ Մոսքվի» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները լուրջ դասեր քաղած են Օգոստոս 2008ին տեղի ունեցած ռուս-վրացական պատերազմէն։

Լրագրողները հարցազրոյցի մը ընթացքին Ռուսիոյ նախագահին հարցումներ ուղղած են մասնաւորաբար ռուս-վրացական հնգօրեայ պատերազմի հետեւանքներուն, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ, ռուս-վրացական յարաբերութիւններու հետագայ ճակատագիրին մասին, նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին։

Ի պատասխան լրագրողի մը այն հարցումին, թէ «Դուք՝ Տմիթրի Անաթոլեւիչ, ուղղակի կերպով ներգրաւուած էք ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Խորհրդակցութեանց ինը նիստ, եւ՝ ոչինչ։ Կ՛երեւի, որ վերջին նիստն ալ ոչինչ տուաւ։ Ես կը մտածեմ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ինչպէ՞ս կը նային Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ պատմութեան։ Ի՞նչ պէտք է ընեն այդ երկու երկիրները, վերադարձնե՞ն շրջանները»՝ Մետվետեւ ըսած է.

«Շատ լաւ հարցում է։ Գիտէք, երբ ատիկա տեղի ունեցաւ, երկու երկիրներու ղեկավարները եղան այստեղ՝ Սոչիի մէջ։ Գիտէ՞ք անոնք ի՛նչ ըսին։ Ըսին. «Վատ է, ի հարկէ, ատիկա Կովկասի համար ծանր բան է»։ Ես կ՛ըսեմ. «Շատ մօտ է»։ «Սակայն դուք գիտէք, որ ատիկա մեզի համար որոշակի դաս է, որ աւելի լաւ է անընդհատ բանակցիլ այն հարցի շուրջ՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը, այնտեղ հանրաքուէ պիտի կատարուի՞, ինչպէ՞ս պատրաստել խաղաղութեան համաձայնագիրը, քան այդ պատերազմական հինգ օրերը անցնելը»։ Ատիկա անոնց համար շատ լուրջ դաս եղաւ»։

Մետվետեւ յայտնեց, որ Ռուսիան մտադիր չէ առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) անդամակցիլ՝ անոր դիմաց վճարելով վրացական յարձակումէն ետք ձեւաւորուած քաղաքական իրողութիւններու փոփոխութիւններ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան ընդգծեց, որ ԱՀԿի անդամակցելու շուրջ բանակցութիւններուն մէջ Վրաստանի կողմէ Ռուսիոյ նկատմամբ պահանջներ չդնելը՝ կրնայ հանգրուանային ըլլալ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, իսկ ապագային նաեւ՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման համար։

Ան նշեց, որ Ռուսիա պատրաստ է ելեկտրոնային տեսքով տրամադրել Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ տարածքով բեռնափոխադրման վերաբերեալ բոլոր փաստաթուղթերը, ինչի շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Զուիցերիոյ նախագահին հետ, եւ այս նոյն նիւթը քննարկուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։

Մետվետեւ յոյս յայտնեց, որ Թիֆլիսի հետ նոր հակամարտութիւններ չեն ըլլար, նոյնիսկ՝ «լաւ դաս ստացած» Սահակաշվիլիի իշխանութեան օրօք։ Ըստ Մետվետեւի, Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի պէտք է կանգնի միջազգային դատարանին առջեւ։

Անդրադառնալով Հարաւային Օսեթիոյ մէջ Վրաստանի կողմէ կատարուած գործողութիւններուն՝ Մետվետեւ յայտնած է. «Ես կը համարեմ, որ ատիկա միջազգային իրաւունքի կոպիտ ոտնահարում է։ Սակայն հաշուի առնելով այն, որ այդ հարցին մէջ միայն Ռուսիոյ դիրքորոշումը բաւարար չէ, կը կարծեմ, որ այս պահուս միջազգային դատարանի ստեղծումը անհնար է»։

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ աւելցուցած է, որ ներկայիս Հարաւային Օսեթիան Ռուսիոյ կազմին մէջ ընդգրկուելու ոչ իրաւական, ոչ ալ փաստացի նախադրեալներ կան, ինչի պատճառով ալ, ան ստորագրած է այդ տարածքներու անկախութեան ճանաչման հրամանագիրը։

comments