Մորնինկսթար մտահո՞գ Է Արցախի հարցին մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեամբ

By Asbarez | Tuesday, 15 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, Ապրիլ 15ին, Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ «հետաքրքրական» յայտարարութիւններով հանդէս եկած է: «Ինթըրֆաքս-Ատրպէյճան»ի մեկնաբանութեամբ՝ ատրպէյճանցի տեղահանուածներու համար կառուցուած բնակավայր մը այցելելու ընթացքին, ամերիկացի դիւանագէտը յայտարարած է, որ «հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան լուծումը միշտ մեծ կարեւորութիւն ունեցած է, սակայն այդ հարցը այսօր առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի»:


«Ականատես ենք Ռուսիոյ ձեռնարկած քայլերուն եւ կը փափաքինք, որ տարածաշրջանի անկայունութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցող այս հակամարտութիւնը կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին իր լուծումը գտնէ եւ հարեւաններէն ոչ ոք փորձէ տարբեր պատրուակներով չարաշահիլ ստեղծուած իրադրութիւնը», յայտարարած է դեսպանը:

Դիւանագէտը նշած է, որ հակամարտութեան կարգաւորման համար կողմերէն քաղաքական կամք կը պահանջուի եւ ընդգծած է, որ առաջընթացի բացակայութիւնը եւ 20 տարիէ աւելի շարունակուող կարգաւորման գործընթացի ձգձգումը կապուած է հակամարտութեան բնոյթի բարդութեան հետ:

«Երկու երկիրներու նախագահները պէտք է համատեղ քայլերու ձեռնարկեն՝ հակամարտութեան վերջնական լուծման համար ու պէտք է հասնին համաձայնութեան, որուն ծիրէն ներս պէտք է ներառուի Լեռնային Ղարաբաղի շրջակայ եօթը շրջաններու ազատագրումը բռնագրաւումէն», ըսած է դեսպանը:

Միաժամանակ, ամերիկացի դիւանագէտը նշած է, թէ Մոսկուայի հետ համագործակցութիւնը յոյժ կարեւոր է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման համար: «Մենք առաջ կը քշենք տարբեր գաղափարներ, բանակցային գործընթացը առաջ մղելու եւ փակուղային իրավիճակէն դուրս գալու համար», եզրակացուցած է Մորնինկսթար:

Իր կարգին, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան, «Նիուզ»ի թղթակիցին խնդրանքով, մեկնաբանած է Մորնինկսթարի յայտարարութիւնները՝ ըսելով. «1988ի կամ 1991ի իրավիճակին՝ կապուած սահմանների կամ կարգավիճակի հետ, վերադարձ չի լինելու: Ես աւելի քան վստահ եմ, որ դեսպանին վերագրուած բառերը կեղծուած են: Հնարաւոր է, որ ամերիկացի դիւանագէտը խօսել է համընդհանուր կարգաւորման հնարաւորութեան, խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար: Սակայն առաջին հերթին հարկաւոր է վերականգնել ԼՂ մասնակցութեամբ բանակցութիւնների լիարժէք ձեւաչափը: Ատրպէյճանական լրա-տուամիջոցներում ներկայացուածը արտայայտում է Պաքուի դիրքորոշումը, սակայն ոչ մի կերպ՝ միջնորդ-պետութեան»:
Ըստ Բաբայեանի՝ կարգաւորման հնարաւոր տարբերակները կրնան պարունակել կամ չպարունակել որոշ տարածքային փոփոխութիւններ, «սակայն 1988ի կամ 1991ի իրավիճակին վերադարձ չի լինելու: Աշխարհը շատ է փոխուել»:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement