Նախարար Նալբանդեան Ղարաբաղեան հարցը քննարկած է ԵԱՀԿի պատասխանատուին հետ

By Asbarez | Wednesday, 16 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 16 Ապրիլին ընդունած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Անճելօ Կնետինկըրը։ Անոնք անդրադարձած են Զուիցերիոյ նախագահ, ԵԱՀԿի գործող նախագահ Տիտյէ Պուրկհալտըրի Հայաստան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն:


Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են այն մասին, որ ԵԱՀԿի Զուիցերիոյ նախագահութեան ծիրին մէջ արձանագրուած է հայ-զուիցերական քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակ, համակողմանի փոխգործակցութեան զարգացում: Նաեւ միտքեր փոխանակուած են ԵԱՀԿի օրակարգային խնդիրներուն եւ զուիցերական նախագահութեան նախաձեռնութիւններուն շուրջ:

Նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը: Այս ծիրին մէջ Անճելօ Կնետինկըր վերահաստատած է ԵԱՀԿի զուիցերիական նախագահութեան լիակատար աջակցութիւնը՝ Մինսկի խումբի համանախագահութեան գործունէութեան:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներու, յատկապէս ուքրանական ճգնաժամի կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուող ջանքերուն շուրջ:



comments