By Թերթ | Sunday, 14 August 2011
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թերթ».- Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան նախաձեռնութեամբ կայացած ու ԼՂՀ 20ամեակին նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-հրամանատար Մովսէս Յակոբեան յայտարարած է, որ եթէ պատերազմ ըլլայ՝ «մենք դարձեալ պիտի յաղթենք»:
Պատասխանելով պատերազմական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութեան մասին հարցումի մը՝ նախարարը յիշեցուցած է, որ իբրեւ պաշտպանութեան նախարար, ինք ամէն վայրկեան կը սպասէ պատերազմի վերսկսման:
«Բանակցային գործընթացը ի հարկէ կարեւոր է, բայց այն ուղղուած չէ պատերազմի կանխելուն կամ չկանխելուն, չնայած լաւ կը լինէր, եթէ քաղաքական ոլորտում բանակցութիւնները նուազեցնեն պատերազմի վերսկսումը», ըսած է պաշտպանութեան նախարարը՝ չբացառելով նաեւ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը:
Նախարարին խօսքերով, 1994էն մինչեւ այսօր, կը շարունակուի դիրքային պատերազմը. հակառակորդը առաջին գիծին վրայ կը վարէ ռազմական գործողութիւններ, անշուշտ՝ ոչ աշխոյժ, այսինքն՝ առանց զօրքերու տեղաշարժման: Անոնք յատկապէս ուղղուած են Արցախի զինուած ուժերուն կորուստներ պատճառելու եւ զինուորներուն վրայ ճնշում գործադրելու նպատակին:
«Ատրպէյճանը չի հաշտւում այս իրավիճակի հետ եւ անընդհատ փոձում է տարբեր հանդիպումների նախաշեմին իրավիճակը սրել առաջնագծում», նշած է Մովսէս Յակոբեան, տեղեկացնելով, որ այս տարի հակառակորդը հրադադարը խախտած է 6566 անգամ՝ անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 2595ին դիմաց:
Նախարարին կարծիքով, հակառակորդը պիտի փորձէ առաջնային գիծի վրայ իրավիճակը պահել լարուած, ինչ որ կ՛ենթադրէ շարունակել համարժէք գործողութիւնները: «Ինչպէս բոլոր տարիներին, այս տարի էլ մենք պարտադրողի դերում ենք», յայտարարած է ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը:
«Յետպատերազմեան ժամանակահատուածում բանակը իր սուրը չդրեց պատեան՝ հասկանալով, որ վերջնական խաղաղութեան համար, հարկաւոր էր խաղաղութեան պայմանագիր Ատրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ, որը դեռեւս կնքուած չէր, եւ սկսուեց զարգացման նոր փուլ: Այս ժամանակահատուածում հնարաւորութիւն ենք ունեցել բարձրացնել անձնակազմի կրթական ցենզը, ստեղծել հրամանատարների փոխարինման բազա, որովհետեւ պատերազմին մասնակցած սպաների հիմնական մասը այժմ արդէն հանդիսանում է թոշակառու, եւ մենք այս աշխատանքները կատարել ենք, որպէսզի կարողանանք նրանց փոխարինողը պատրաստենք: Այս ժամանակահատուածում, զգալիօրէն փոխուել է նաեւ սպառազինութեան եւ ռազմական տեխնիկայի որակական եւ քանակական վիճակը», յայտնած է Մովսէս Յակոբեան:
Բացի անկախութեան 20ամեայ պատմութեան մէջ բանակին ունեցած տեղին ու դերին մասին խօսելէ, պաշտպանութեան նախարարը համառօտ կերպով անդրադարձած է նաեւ հանրապետութեան զինուած ուժերու ընթացիկ ուսումնական տարուան առաջին կիսամեակի արդիւնքներուն:
«Անցած տարի եւ այս տարուայ առաջին կիսամեակը զինուած ուժերում յայտարարուած է բարեփոխումների տարի, եւ այսօրուայ բանակի մարտական պոտենցիալը մօտաւորապէս աւելացել է քսան տոկոսով, որը, բոլոր տարիների համեմատ՝ մեր ամենամեծ առաջընթացն է, եւ սա շարունակական է լինելու…», եզրակացուցած է զօրավար Յկոբեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ