Հայաստան անցեալ տարի արտածած Է 2.7 թոն ոսկի

By Asbarez | Thursday, 17 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Հայաստանէն ոսկիի արտածումը բաւական լաւ արդիւնք տուած է 2009ին՝ գերազանցելով տարեկան 1.5 թոն ծաւալը: Մինչ այդ ոսկիի արտածման ծաւալները կը հաշուըւէին քիլոկրամներով: 2011 թուականէն սկսեալ Հայաստանը կայուն կերպով կ՛արտածէ 2.5 թոնը գերազանցող ծաւալներ: 2013ին Հայաստանէն արտածուած է մրցանշային՝ 2.7 թոն ոսկի՝ 73.5 միլիոն տոլար արժէքով (քիլոկրամը՝ 27.2 հազար տոլար):


Ըստ մաքսային վիճակագրութեան՝ Հայաստան կ՛արտածէ ոսկիի փոշի: Խորքին մէջ ատիկա «Տորէ» համաձուլուածքն է, որուն մէջ ոսկիի պարունակութիւնը առնուազն 70 տոկոս է, մնացածը արծաթ է: Հիմնական արտածող ընկերութիւնը Սոթքի ոսկիի հանքավայրը եւ Արարատի ոսկիի գործարանը շահագործող «Գէոպրոմայնինգ գոլդ» ընկերութիւնն է: Այս ընկերութեան բաժին կ՛իյնայ արտածուող ոսկիին 99 տոկոսէն աւելին: Ոսկին կ՛արտածուի Քանատա, ուր կը վերամշակուի անգլիական «Johnson Matthey» նշանաւոր ընկերութեան գործարանին մէջ, այնուհետեւ վերստին կը վաճառուի Լոնտոնի սակարանին մէջ: «Գէոպրոմայնինգ գոլդ» ընկերութեան 100 տոկոս բաժնետէրը օֆշորային Կայմարեան կղզիներուն մէջ արձանագրուած «ՖԸՐՍԹ ԴԱՅՍԹԻ ՄԱՅՆԶ ԱՐՄ.ԼԻՄ» ընկերութիւնն է:


comments