Նիկոլա Սարկիսով կը հոգայ Արցախի նոր դպրոցի շինարարութեան ծախսերը

By Asbarez | Friday, 18 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան՝ բարերար Նիկոլա Սարկիսովի հետ 18 Ապրիլին այցելած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ կառուցուող թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի նոր մասնաշէնքի շինարարութեան վայրը եւ ծանօթացած այնտեղ իրականացուող աշխատանքներուն:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ երկրի ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է Նիկոլա Սարկիսովին՝ նման կարեւոր նախաձեռնութիւն մը ֆինանսաւորելուն համար: Նախագահը ընդգծած է. «Կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտը հանդիսանում է մեր պետութեան զարգացման առաջնային ուղղութիւններից մէկը եւ այս համատեքստում կարեւորել միջազգային չափանիշներին համապատասխանող կրթական հաստատութիւնների առկայութիւնը»:


Նախագահին կ՛ընկերակցէին կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սլաւա Ասրեանը, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:


comments

Advertisement