«Թուիթըր»ի փոխնախագահ Րաֆֆի Գրիգորեան դասախօսութիւն տուած է «ԹՈՒՄՕ»ի մէջ

By Asbarez | Friday, 18 April 2014

 



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Թուիթըր»ի փոխնախագահ Րաֆֆի Գրիգորեան հիւրընկալուած է «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ, ուր ներկայացուցած է «Այն, ինչ կարեւոր է» նիւթով դասախօսութիւնը: Դասախօսութիւնը ծրագրային մշակման կառավարման թեմայով է, որուն ընթացքին Գրիգորեան ներկայացուցած է «Թուիթըր»ի մէջ իր աշխատանքային փորձառութիւնը:

Րաֆֆի Գրիգորեան Հայաստան կը գտնուի «ԹՈՒՄՕ»ի մէջ համալսարանի ուսանողներու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի մասնագէտներուն համար ծրագրաւորման առաջաւոր դասընթացք վարելու նպատակով: Րաֆֆի Գրիգորեան առաջին անգամ «ԹՈՒՄՕ»ի կեդրոն այցելած է 2012 թուականին:
Որպէս «Թուիթըր»ի տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի առաջնորդ՝ Գրիգորեան ղեկավարած է ընկերութեան ծառայութիւններու համարկումը «Apple«ի «iOS մոպայլ» համակարգին եւ օգնած է ստեղծելու վայրի ճշդորոշման (geolocation) ծրագիրը: Ներկայիս ան ընկերութեան մէջ կը ղեկավարէ աւելի քան հինգ տարբեր խումբեր եւ պատասխանատու է ընկերային ցանցի ծրագրային ենթակառոյցներուն: Նախքան «Թուիթըր»ին միանալը, Գրիգորեան համահիմնադրած է WattzOn.com սթարթափ ընկերութիւնը, որ Business Week ամսաթերթին կողմէ նկատուած է իբրեւ 2008ի լաւագոյն գաղափարը։ Ան դասաւանդած է Նիւ Եորքի համալսարանի Փոխներգործօն հեռահաղորդակցութեան բաժինին մէջ, ինչպէս նաեւ O՛Reilly Media-ի հրատարակած «TiVo Hacks» գիրքի հեղինակն է եւ Մեսեչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկի «Մետիա լեպ»ի նախկին անդամ է:

 


comments

Advertisement