Վարչապետը պատրաստակամութիւն յայնեց զիջումներ կատարլելու

By Asbarez | Friday, 18 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան առաջարկած է ժամանակաւորապէս կասեցնել «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» օրէնքով պայմանաւորուած տոյժերու հաշուարկը: Այս լուրը 18 Ապրիլին պաշտօնապէս հաստատեց կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:


17 Ապրիլին գումարուած կառավարութեան նիստէն ետք վարչապետին գլխաւորութեամբ կայացած է խորհրդակցութիւն, որուն լոյսին տակ Յովիկ Աբրահամեան յանձնարարած է համապատասխան պետական մարմիններուն՝ կարճ ժամկէտի ընթացքին նախապատրաստել օրէնքի նախագիծ մը, որով մինչեւ Սահմանադրական դատարանի 2 Ապրիլի որոշմամբ նախատեսուած «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» օրէնքի վերաբերեալ օրէնսդրական թղթածրարի ընդունումը՝ Ազգային ժողովին կողմէ, կը կասեցուի տոյժերու հաշուարկը:

Կառավարութիւնը հաւանաբար այդ օրէնքի նախագիծը քննարկէ Ազգային ժողովի 28 Ապրիլին ընթացք առնող քառօրեայ նիստին:
Նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Մանուկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ շատ կարեւոր է, որ կառավարութիւնը իր դիրքորոշումը կը դրսեւորէ Սահմանադրական դատարանի որոշման վերաբերեալ, «հիմա էլ դիրքորոշում յայտնի այն մասին, որ առանց անձի ցանկութեան նրա փոխարէն ֆոնդ, կառավարիչ չընտրեն, աշխատավարձից փոխանցումներ չանեն»:

«Լաւ համարենք քայլը, մի հատ վերջնականապէս տեսնենք, որ իսկապէս այդպիսի քայլը մինչեւ վերջ իր եզրայանգմանը կը հասնի, ապա շատ լաւ է: Դա դեռ պիտի աւելի շուտ արուէր, դեռ նախկին վարչապետը պիտի աներ», յայտնած է Մանուկեան՝ շարունակելով. «Բայց այստեղ միայն տոյժերի կասեցումը դեռ բաւարար չէ, մեր պահանջը յստակ է՝ պիտի Պետեկամուտների կոմիտէի այդ ելեկտրոնային հաշուետուութեան ձեւը յստակ փոխել, այսինքն՝ ուղղակի այդ դաշտը ինքնաշխատ չպիտի լինի: Որովհետեւ անկախ նրանից, որ իրենք կասեցնում են, գիտէք, առաջին (Սահմանադրական դատարանի) աշխատակարգային որոշումից յետոյ էլ կասեցուած էր, բայց էլի գործատուները, մի քիչ վախերով եւ ճնշումներով, փոխանցումներ ստիպում են, որ կատարեն»:

Ազգային ժողովը դեռ պէտք է հաստատէ կառավարութեան առաջարկը, սակայն «Դէմ եմ»ի անդամ Դաւիթ Մանուկեան չ՛ուզեր ոգեւորուիլ այս յայտարարութեամբ: Ամէն պարագայի ատիկա իրենց պայքարին վրայ պիտի չազդէ. «Այսօրուայ ակցիայի վրայ դեռ դա չի ազդի, ակցիան, ինչպէս եւ պլանաւորուել էր, պիտի արուի, որովհետեւ այսօրուայ ակցիայում կոնկրէտ կայ մեսիջ՝ ուղղուած հանրապետութեան նախագահին, որ Սահմանադրութիւն է ոտնահարւում, ու դա շարունակւում է»:

Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ արդեօք Յովիկ Աբրահամեանի այս քայլէն ետք «Դէմ եմ»ը պատրա՞ստ է քննարկման սեղանին շուրջ նստելու կառավարութեան հետ՝ Մանուկեան նշած է, որ եթէ նման առաջարկ ըլլայ նորանշանակ վարչապետին կողմէ՝ կը մտածեն, այդուհանդերձ, քննարկումներ Սահմանադրական դատարանի որոշման շուրջ պիտի չըլլան: «Քննարկումները, կարծում եմ, աւելի տրամաբանական է ծաւալել նոր պատրաստուող օրէնքի կամ օրինագծի շուրջ, ընդ որում՝ ոչ միայն «Դէմ եմ»ի հետ, այլ հնարաւոր է ընդգրկել ողջ հանրութեանը: Սահմանադրական դատարանի որոշման հետ կապուած՝ դա յստակ է՝ այնտեղ քննարկելու բան չկայ։ Երբ որ (վարչապետի կողմից) յստակ առաջարկ լինի՝ «Դէմ եմ»ը դա կը քննարկի», յայտնած է Մանուկեան:


comments

Advertisement